ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 1 Յունիս 2012-ին՝ երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները նշեցին հայրերու տօնը։ Անոնք երեք լեզուներով երգեցին ու արտասանեցին հայրերուն նուիրուած կտորներ. յետոյ խմբական խաղերով ու մրցումներով հաճելի ու զուարճալի ժամանակ անցուցին։ Ձեռնարկի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ հօրը նուիրեց յիշատակ մը, որ պատրաստուած էր Պրն. Գօգոյին հսկողութեամբ։