ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 9 Յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու 145 աշակերտները ներկաները փոխադրեցին դէպի «մեծերու» եւ արհեստներու աշխարհ մը։ Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այս երեկոյ մեր մանկապարտէզի 145 աշակերտները ձեռք-ձեռքի տուած մեզ պիտի տանին մեծերու աշխարհը։ Երեխան երբ տակաւին փոքր է, միշտ կ՚ուզէ մեծնալ, մամային եւ պապային պէս ըլլալ, անոնց նման անկախ ըլլալ, աշխատիլ։ Բայց միեւնոյն ժամանակ ան կառչած կը մնայ իր մանկական աշխարհին, իր խաղերուն ու խաղալիքներուն։ Ան շուարած կը մնայ, որովհետեւ տակաւին չի գիտակցիր, թէ ո´րն է լաւը իրեն համար, մեծնա՞լը, թէ փոքր մնալը։ Մեկնելով մեր երեխաներուն մտահոգութիւններէն, մեր մանկապարտէզի փոքրիկ հերոսները այսօր մեզ պիտի տանին տարբեր-տարբեր գործերու, տարբեր-տարբեր արհեստներու։ Անոնք պիտի ըսեն՝ Երանի՜ մեծ-մեծ ըլլայինք, ինչեր-ինչե՜ր կ՚ընէինք»։ Մանկապարտիզպանուհին իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին՝ բեմայարդարումին համար, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի բոլոր ուսուցչուհիներուն՝ իրենց ժրաջան աշխատանքին համար։ Կանաչ դասարաններու աշակերտները «Չեմ գիտեր» երգով հանդէս գալէ ետք, հետեւեալ խօսքով ներկայացուցին իրենց հանդէսը. «Բախտաւորը այս գիշերուան, աղջիկ մըն է սովորական. Անունը՝ Նանար։ Դուք Նանարին հետ միասին պիտի տեսնէք զարմանալի ի՜նչ երազներ… ։» Այնուհետեւ «Նանար»ը կը հանդիպի «մամիկ»ին եւ կ՚ըսէ. – Մամիկ, ի՜նչ գեղեցիկ ծաղիկներ ունիս։ – Պզտիկ աղջիկ, այս ծաղիկները կախարդական են։ Ամէն անգամ որ ծաղիկ մը քաղես, դուն պիտի երթաս մեծերու աշխարհ։ – Ի՜նչ կ՚ըսես մամիկ, ես միշտ ուզած եմ մեծնալ։ Գիտես մամիկ, երանի մեծ, մեծ ըլլայի, ինչե՜ր, ինչե՜ր կ՚ընէի։ Եւ սկսաւ «մեծերու» զանազան արհեստներու աշխարհի բեմականացումը մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ։ Անոնք իւրաքանչիւր ասպարէզի վերաբերող գունաւոր տարազներով, պարերով ու երգերով ներկայացուցին ապագայ բժիշկները, հրշէջները, մարզիկները, երաժիշտները, եւայլն։ Կանաչ դասարաններու աշակերտները արտասանեցին «Ամէնէն լաւ գործը», ապա յաջորդաբար պարեցին խոհարարներու, մարզիկներու եւ ձկնորսներու պարերը, որոնցմէ ետք արտասանեցին «Բժշկութիւնը»։ Կապոյտ դասարաններու աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին բժիշկներու, ներկարարներու եւ հրշէջներու պարերը։ Կարգը հասաւ վարդագոյն դասարանի աշակերտներուն, որոնք նոյնպէս խանդավառեցին ներկաները նախ երկու պարերով՝ «վարսայարդարներու պար» եւ «երաժիշտներու պար», ապա կանաչ դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Երգ հայրենիքի մասին». «Ուր ալ երթամ, ինչ որ ըլլայ, ես զաւակն եմ Հայաստանի։ Հայրենիքէս անուշ ու թանկ ուրիշ ի՞նչ կայ երկինքի տակ» խօսքերուն կարծէք արձագանգեց հայկական բանակը, եւ բեմ բարձրացան վարդագոյն դասարանի «Քաջ զինուորներ»ը իրենց եռագոյն գօտիներով ու ներկայացուցին զինուորական տողանցք-պար մը։ Հանդէսի գեղարուեստական բաժինը աւարտեցին կանաչ դասարաններու աշակերտները՝ «Հայրենիք» երգով. «…Ես գունաւոր մատիտներով Գիւղը մեր հին նկարեցի Ու գեղեցիկ այդ նկարը Ես «Հայրենիք» անուանեցի»։ Հայ Ճեմարանի մանկապարտէզի հանդէսը ուրիշ ձեւով չէր կրնար աւարտիլ։ Փոքրիկները պիտի մեծնան, պիտի ընտրեն զանազան արհեստներ, բայց ամէնէն կարեւորը՝ իրենց հայեացքը պիտի ըլլայ միշտ դէպի հայրենիք։ Հանդէսի վերջին բաժինը յուզիչ էր։ Կանաչ դասարաններու աշակերտները վկայականներու հագուստներով սրահ մտան եռագոյն շղարշներով եւ բեմ բարձրացան ու պարեցին «Մենք ենք մեր սարերը», ապա հրաւիրեցին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը. «Պրն. Տնօրէն, մենք որոշեցինք չաճապարել, կամաց-կամաց մեծնալ։ Քիչ մը գրել, քիչ մը կարդալ, շատ խաղալ, երգել ու պարել։ Կը խնդրենք, որ բեմ բարձրանաք եւ մեր վկայականները մեզի տաք»։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը։ Իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ապագային ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլալ։ Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. Աղասարգիսեան Սարին-Ռիթա, Թէմպէլեան Ալիք, Կիպինեան Բալիկ, Մելքոնեան Ալիք, Նիւրբէթլեան Սինթիա, Պազարպաշեան Նանար, Փափազեան Ռիթա, Քէշիշեան Վանեսա, Քէօշկէրեան լիւսի, Գասպարեան Շանթ, Թիւթէլեան Հրակ-Ցոլակ, Իրատեան Վարդան, Կիւրիւնլեան Հրակ-Դրօ, Մազաքեան Կրեկ, Մենկիշեան Նժդեհ, Պերեճիքլեան Քեւըն, Ֆեղալի Փօլ, Աթարեան Ռոմի, Գազանճեան Կալիլէա, Դարբինեան Մեղրի, Խոշաֆեան Սառա, Խտըրեան Արազ, Մեսրոպեան Սարին, Յակոբեան Մարիլին, Նաճարեան Մէրի-Լիլիթ, Պասպուս Սինթիա, Արթուն Միքայէլ, Գարգուր Անթոնի, Թասլաքեան Մանուէլ, Ճիրիշեան Ճոհան-Նժդեհ, Նալպանտեան Կերի, Պազարպաշեան Մովսէս, Քէօսէեան Նարեկ, Աճէմեան Սերլա, Գլընճեան Լիանա, Գույումճեան Գարին, Թորթեան Գարէն, Կիւրեղեան Սերենա, Մխճեան լոռի, Քէշիշեան Մելիսա, Ազատեան Արէն-Հայկ, Ալապաշեան Քեւըն, Գարգուր Ճոնի, Զարմէնեան Սեւակ, Թազեան Քրիստափոր, Թեմպէլեան Հայկ, Մուրատեան Նիքոլա, Յովակիմեան Շանթ, Պարսումեան Քրիստ, Տէմիրճեան Յակոբ։ Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով։