ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Համազգայինի «Սանահին» Մասնաճիւղին, Ս. Յակոբ դպրոցի «Ահարոնեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ աւելի քան 50 ճեմարանականներու եւ ճեմարանաւարտներու հաւաք մը: Ճեմարանի քայլերգի երգեցողութենէն ետք, բացումը կատարեց Թամար Շահինեան-Փօլատեան, որ բարի գալուստ մաղթեց միութեան ատենապետին՝ Վաչէ Ծատուրեանին եւ բոլոր հին ու նոր ճեմարանականներուն: Նշենք այստեղ, որ 1943-ի շրջանաւարտ Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան նաեւ ներկայ էր ձեռնարկին ու իր ներկայութեամբ յաւելեալ փայլք մը տուաւ հանդիպումին: Բացման խօսքէն ետք, Վաչէ Ծատուրեան բացատրութիւն տուաւ իր այցելութեան նպատակներուն մասին եւ ըսաւ, թէ այսօր աւելի քան երբեք Ճեմարանը պէտք ունի իր բոլոր շրջանաւարտներուն, թերաւարտներուն եւ բարեկամներուն, Ճեմարանը բարգաւաճ դարձնելու, զարգացնելու եւ աւելի´ արդիականացնելու համար: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ճեմարանական նահատակներուն նուիրուած տեսերիզը: Ապա, Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի պատգամը փոխանցուեցաւ վիտէօ երիզով, ուր ան ըսաւ, թէ Ճեմարանը կանգուն է, եւ Ճեմարանը որքան փոխուի, այնքան աւելի նոյնը կը մնայ, որովհետեւ ճեմարանականներու էութիւնն է անիկա: Վերջին բաժինով Վաչէ Ծատուրեան ներկայացուց միութեան վերջին 3 տարիներու աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները, ապա ան պատասխանեց լուսաբանական հարցումներուն: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, եւ բոլորը բաժնուեցան այն խոստումով, թէ անոնք դարձեալ պիտի հանդիպին եւ Գանատայի մէջ պիտի հիմնեն ճեմարանականներու կորիզ մը, որպէսզի առաւելագոյն չափով օժանդակեն Ճեմարանին: