ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 5 եւ Չորեքշաբթի, 6 Յունիս 2012-ին Տարրական բաժինի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ցուցմունքներով եւ հսկողութեամբ գնեցին ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով գիրքեր, որպէսզի ամրան արձակուրդին խաղերու եւ պտոյտներու զուգահեռ կարդան հետաքրքրական եւ օգտաշատ գիրքեր։