ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔ

Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2025-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմի վերամուտի հաւաքը, «Պոլեան» սրահին մէջ: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ներկայացնելէ ետք անցնող տարեշրջանին ընթացքին կատարուած գլխաւոր աշխատանքներն ու իրագործումները, մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 2025-2026 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ան ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած ուսուցիչները եւ փոխանցեց…

ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 26 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսին, պետական դէմքերու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ…

«ՈՒԱԼԻՏ ՊԸՆ ԹԱԼԱԼ» ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ, ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԼԷՅԼԱ ՍՈԼՀ ՀԱՄԱՏԷ ԱՅՑԵԼԵՑ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2025-ի առաւօտեան, «Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ։ Պաշտօնական այս այցելութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Լիբանանի Կեդրոնական…

ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 24 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու: Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ….

100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2024-2025 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 24 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 17 աշակերտներ արժանացան յիշատակութեան ( 7 լաւ, 10 բաւական լաւ): Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը. Արապաղեան Գլէա (բաւական լաւ), Աւետիս Լոռի, Աբիկեան Թամարա (լաւ),…

ՔԵՐՄԷՍ

Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի քերմէսը:   Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը, շրջանաւարտներ, աշակերտներ ու ծնողներ գործի լծուած ներկաներուն պարգեւեցին ընտանեկան հաճելի եւ մտերմիկ ժամեր: Քերմէսի ճոխ ու դաստիարակիչ խաղերուն մասնակցեցան թէ՛ երեխաները, թէ՛ պատանիները:   Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր. տարրական եւ…

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ «ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ, լիբանանահայ նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական շարադրական մրցանքին Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն Մեղրի Գասապեան հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Արմէն Մխճեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան: Միջնակարգէն՝ Լիլիթ Տէմիրճեան հանդիսացաւ երկրորդ: Նախակրթարանէն Կերի Թահմիզեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Մարի Լին Ժագմագեան՝ երրորդ: Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:  

«ԳԱՂՏՆԻ ԳԻՐՔԸ»

Ե. դասարանի Աշխարհագրութեան դասանիւթի տարեկան ծրագիրն էր ներկայացնել մեր պապենական քաղաքները: Ամէն մէկ աշակերտ պիտի գտնէր իր ընտանիքին արմատները, ստուգելով թէ անոնք մինչեւ 1915 թուականը հայկական ո՞ր քաղաքը կը բնակէին եւ ցեղասպանութենէն ետք ի՞նչպէս հասած էին եւ հաստատուած Լիբանան: Այս աշխատանքը ճշգրտօրէն իրականացնելու համար անշուշտ անոնք գործի պիտի…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ ԼԵՎԱՄ-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ

Կիրակի, 11 Մայիս 2025-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2024-2025 տարեշրջանի պասքեթպոլի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն երկրորդ հանդիսացան Ճեմարանի հետեւեալ խումբերը՝ պզտիկ աղջիկներ եւ տղաք, մեծ աղջիկներ, իսկ երրորդ հանդիսացան մեծ տղաքը: Նարեկ Բակլայեան՝ Best assister Ալեք Օտապաշեան՝ Best deffencive player Ալիք Քէշիշեան՝ best scorer/ MVP of the tournament…

ԼԵՎԱՄ-Ի ՎԱՀԱՆԸ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ – ԳԱԼԷ ԴՐՈՅ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԵՒ ԿԻ ԽԱՆՃԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿ, ԼՈՐԷՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻ

Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնին Ճեմարանի աշակերտները իրենց բաժակներով եւ մետալներով մեծաթիւ մասնակցութեամբ տողանցեցին: Փառատօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2024-2025  տարեշրջանի  վահանի տուչութիւնը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք նաեւ, որ լաւագոյն մարզիկի մրցանակը շահեցան Գալէ Դրոյ…

ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Մայիս 2025-ին, հոգեբան Նանար Իգնատոսեան միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ ընկերներու մասին, անդրադառնալով ընկերական կեանքի ընթացքին անհատին վարուելակերպին եւ ընկերային յարաբերութիւններու վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան: