ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐԸ

«Այն ո՞վ է ասում
Որ Արարատը ձերն է ու ձերը.
Անհեթեթ պատրա՜նք.
Քարտէսն է ձերը,
Քարտէսի վրայ չափած-գծա՜ծը,
Իսկ ինքը՝ լե´ռը…»

Սորվելէ ետք Սիլվա Կապուտիկեանի «Ընդդիմախօսութիւն» բանաստեղծութիւնը, Երկուշաբթի 20 եւ Հինգշաբթի 22 Հոկտեմբեր 2025-ին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն ներկայացուցին «Հայաստանի խորդանիշները» անունով պատրաստուած  խոյզերը, ինչպէս՝ Արարատը, Էջմիածինը, Մենք ենք մեր սարերը, Գեղարդը, խաչքարերը, Մայր Հայաստանը, դրօշը, զինանշանը, յաւերժութեան նշանը, հայկական տուտուկը, ծիրանը: Այս աշխատանքով անոնք հարստացուցին իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ՝ հայերէն լեզուի բառամթերքն ու բանաւոր արտայայտութիւնը:

Աշակերտները անգամ մը եւս ամրապնդեցին իրենց հայրենասիրութիւնը: