ԱՌՑԱՆՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ

Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2025-ին, կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, տեղի ունեցաւ «Առցանց ընկերութիւններ եւ արժէքներու պահպանում» նիւթով  դասախօսութիւն-զրոյց Ժ. դասարանի աշակերտներուն հետ. զրուցավարն էր Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան:

ԿԱՄՔ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2025-ին, Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց  «Յաղթահարել մեր անհատականութեան տկար կէտերը աշխատանքով, ճիգով եւ կամքով» նիւթը։

Ի՞ՆՉ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2025-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Արամ Սոմունճեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ զրուցեց համացանցի վրայ տեղադրումներու մասին: Ան բացատրեց, թէ ինչո՞ւ պէտք է լաւ մտածել որեւէ տեղեկութիւն տեղադրելէ եւ հրապարակելէ առաջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ այդ տեղադրումներուն ազդեցութեան՝ իւրաքանչիւրին կեանքին վրայ:

ՃԵՄԱՐԱՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 95-ամեակի տօնակատարութիւններու Հանրային ձեռնարկներու մեկնարկը տրուեցաւ հայրենի ՆԵՄՐԱ խումբի ելոյթով, որ տեղի ունեցաւ 9 Մայիս 2025-ին, աւելի քան 450 հոգիի ներկայութեամբ, Պէյրութի «Օ» ճաշարանին մէջ։ Հայրենի Նեմրա խումբը իր ճոխ երգերով հմայեց ներկաները։ Երիտասարդները ուրախ մթնոլորտի մէջ մտերմիկ պահեր ապրեցան եւ անմոռանալի…

ԼԱՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ԸԼԼԱԼ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2025-ին, Նարեկ Քէշիշեան Զ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «Ի՞նչպէս լաւ քաղաքացի ըլլալ» նիւթը: Ան խօսեցաւ իւրաքանչիւր անհատի պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն մասին, միաժամանակ այս անդրադառնալով բոլորին կողքին միութիւններու անդամակցելու եւ ինքնութիւնը պահելու կարեւորութեան:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «IRAP» ԿԵԴՐՈՆ

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 8 Մայիս 2025-ին, Զ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «IRAP» (Institut de Rééducation Audio-Phonétique) խուլ-համր աշակերտներու մասնագիտական դպրոցը, իրենց հետ տանելով նուէրներ (կրկնեփուկ, օշարակ, եւայլն): Աշակերտները ծանօթացան կեդրոնի իրենց տարեկից աշակերտներուն հետ, միասնաբար նախաճաշեցին, զբօսանքին միասին խաղացին եւ հաճելի ժամանակ անցուցին: Աշակերտները շրջեցան կեդրոնին…

ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՍ ՓԱՅԼՈՒՆ ՄԵՏԱՔՍ

Կանաչ դասարանի փոքրիկները իրենց դաստիարակներուն հետ այցելեցին մետաքսի թանգարան՝ յայտնաբերելու թիթեռնիկին կեանքի շրջանը։ Թանգարանին մէջ անոնք սորվեցան, թէ ի՛նչպէս պզտիկ թրթուրը ժամանակի ընթացքին կը վերածուի գունագեղ թիթեռնիկի։  Փոքրիկները դիտեցին մետաքսէ պատրաստուած գորգերն ու շղարշները, սորվեցան մետաքսի պատրաստութիւնը եւ նոր գիտելիքներով հարստացած վերադարձան դպրոց։

ԸՆԿԵՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀԱՏԻ ՄԸ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 7 Մայիս 2025-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Արմէն Արեւեան հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցաւ միջնակարգի եւ Ժ. դասարանի աշակերտներուն հետ: Այս հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ «ընկերասիրութեան կարեւորութիւնը անհատի մը կազմաւորման մէջ» նիւթը, ինչպէս նաեւ՝ վատ վարուելակերպի (bullying) ժխտական ազդեցութիւնը անհատի մը վրայ: Աշակերտները անձնական օրինակներ տուին եւ…

ՀԱՅ ԱՇՈՒՂՆ ՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐԸ

Նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին իրենց պատրաստած խոյզերը: Իւրաքանչիւր աշակերտ իւրայատուկ եւ սքանչելի ձեւով ներկայացուց հայ աշուղ մը կամ հայկական նուագարան մը: Բոլորը նոր գիտելիքներ ամբարեցին եւ լաւ ծանօթացան հայ մշակոյթին մաս կազմող այս հարստութեան:

ՃԵՄԱՐԱՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 95-ամեակի տօնակատարութիւններու Հանրային ձեռնարկներու մեկնարկը տրուեցաւ հայրենի ՆԵՄՐԱ խումբի ելոյթով, որ տեղի ունեցաւ 9 Մայիս 2025-ին, աւելի քան 450 հոգիի ներկայութեամբ, Պէյրութի «Օ» ճաշարանին մէջ։ Խումբը իր խանդավառ երգերով ոգեւորեց ներկաները, որոնք հաճելի ժամանակ անցուցին։ Յաջորդ օրն իսկ` 10 Մայիս 2025-ին, Ճեմարանի…

ՄԱՆՐԱԿԵՐՏԵՐ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Մեր պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասանիւթերու ուսուցչուհիին հետ մտածեր էինք մեր դասերը ներկայացնել մանրակերտերու տեսքով: Մեր ծրագիրը իրագործելու համար ունէինք երկու ընտրութիւն՝ աշխատիլ առանձին կամ զոյգերով։ Առաջարկուեցան երկու նիւթեր, մէկը պատմութեան դասանիւթին հետ առնչուած, իսկ երկրորդը՝ աշխարհագրութեան: Պէտք էր նախագծէինք մեր նախանմոյշը եւ գրէինք անոր ուղեկցող կարճ բացատրողական մը:…

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄ (Մարտ-Ապրիլ)

Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայութեան գրասենեակին գործադրած ծրագիրները. Բ. դասարան՝ -«Սննդարար ուտելիքներ եւ առողջ շրջապատ» նիւթը ներկայացուց սննդագէտ Անի Ժերդիտեան: – «Ժամանակը լաւ օգտագործել եւ որոշում տալ» նիւթը ներկայացուց դպրոցի ընկերային ծառայող Արին Սողանճեան: – «Համացանցի բարիքները եւ վնասները» նիւթը ներկայացուց Համազգայինի…