ՄԵՐ ԱՇԽԱՐՀԱԳԷՏՆԵՐԸ

Աշխարհագրութեան դասապահերը ընթացք առին մեծ խանդավառութեամբ:
2025-2026 տարեշրջանի Դ. դասարանի աշակերտները նախ ուղղուեցան դէպի միլիառաւոր տարիներ առաջ ստեղծուած տիեզերքը, ուր կը գտնուին երկնաքարեր, ասուպներ, Արեգակն ու իր ընտանիքը, որ կը կազմուի ութ մոլորակներէ՝ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրանոս, Նեբթոն. եւ ուսումնասիրեցին արեգակնային դրութիւնը։