Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2025-2026 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով.
16 Սեպտեմբերին երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները վերադարձան դպրոց: 23 Սեպտեմբերը նախակրթարանի, միջնակարգի եւ Ժ. դասարանի վերամուտն էր, իսկ 24 Սեպտեմբերը՝ տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտներուն:
Հինգշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Ճեմարանի մուտքին տօնական մթնոլորտ էր: Աւարտական դասարանի աշակերտները, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցիչները փուչիկներով դիմաւորեցին տարրական բաժինի Ա. դասարանի փոքրիկները:
2025-2026 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ առաջին զբօսանքի աւարտին, բացօթեայ բակին մէջ, բոլոր աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ներկայութեամբ:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բարի վերամուտ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, յատկապէս տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք նոր միացած են դպրոցի մայր կառոյցին, եւ երկրորդական բաժինի աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնք տարեշրջանի աւարտին ունին պետական քննութիւններ եւ համալսարանական մուտքի քննութիւններ: Ներկաները ծափողջոյններով դիմաւորեցին Ա. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները: Տնօրէնուհին շեշտեց հետեւողական աշխատանքի կարեւորութիւնը յաջողութեան հասնելու համար եւ յաջող տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին:
Ա. դասարանի աշակերտները իրենց մեծ ընկերներուն օգնութեամբ փուչիկները արձակեցին դէպի երկինք, ապա բոլորը միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները:
