ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՄ

Դպրոցի ուղղավարժ Արազ Քալաշեան ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «ժամանակի ղեկավարում» նիւթը:

Լսելէ ետք աշակերտներուն արտայայտութիւնները իրենց առօրեային եւ ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցին մասին, ան պետական քննութիւններու սեմին գտնուող աշակերտներուն որոշ հմտութիւններ թելադրեց իրենց ժամանակը լաւապէս օգտագործելու եւ զայն վատնելէ խուսափելու: