ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Երկուշաբթի 13 Հոկտեմբերէն Հինգշաբթի 16 Հոկտեմբեր տեղի ունեցան ուսման կողմնորոշման հանդիպումներ երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն համար:

LAU, AUB, USJ եւ Հայկազեան համալսարաններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ճեմարան եւ բացատրութիւններ տուին մասնագիտութիւններուն, ընդունման վաւերաթուղթերուն, մուտքի քննութիւններուն եւ կրթանպաստներուն մասին, ապա պատասխանեցին աշակերտներուն լուսաբանական հարցումներուն: