ԱՐԱՐԱՏԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՕՐ

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները օրուան խորհուրդին համապատասխանող շապիկները հագած հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, տնօրէնուհին Արարատի նուիրուած օրուան պատգամը փոխանցեց, շեշտելով նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը հայ աշակերտին ազգային դաստիարակութեան մէջ եւ աւարտեց ըսելով. «Արարատը մեր սրտերուն մէջն է, ոչ ոք զայն կրնայ դուրս հանել հոնկէ»:  

Ապա Ճեմարանի իւրաքանչիւր բաժինի մէջ սկիզբ առին զանազան աշխատանոցներ։

Մանկապարտէզի փոքրիկները ունկնդրեցին ազգային երգեր եւ դիտեցին նախապէս պատրաստուած Արարատ լերան գեղեցիկ նկարներ։ Ապա  բոլորը միասին, մեծ խանդավառութեամբ ու բռունցքները վեր բարձրացուցած, երգեցին «Արարատն առաջ» երգը։ Յայտագիրէն ետք փոքրիկները բարձրացան իրենց դասարանները եւ պատրաստեցին Արարատի նուիրուած ձեռային աշխատանքներ։ Օրուան ընթացքին անոնք նաեւ համտեսեցին հայկական բոկեղն ու  հերիսան։

Սելին Ղազարեան տարրական բաժինի մէջ, իսկ Սէրուժ Խանճիհանեան նախակրթարանի մէջ հեռարձակումով ներկայացուցին Արարատ լեռ բարձրանալու իրենց փորձառութիւնը եւ պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն: Ապա աշակերտները սորվեցան եզրափակիչ ձեռնարկին պարը եւ կատարեցին Արարատի մասին ձեռային աշխատանքներ:  

Միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները նախ դիտեցին «Գարուն ա» ֆիլմը, ապա Ճեմարանի շրջանաւարտ պատմաբան Վարագ Գեթսեմանեանի հետ զրուցեցին ազգային խորհրդանիշներու, Հայաստանի սահմանադրութեան եւ այսօրուան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան մասին: Այնուհետեւ աշակերտները մասնակցեցան պարի աշխատանոցին:

Ժամը 12:00-ին սկսաւ օրուան եզրափակիչ ձեռնարկը Ճեմարանի քայլերգով: Բացման խօսքը կատարեց երկրորդական բաժինի աշակերտ Արմէն Մխճեան: Ան ըսաւ. «Մենք այսօր հոս հաւաքուած ենք մեր ազգային խորհրդանիշ՝ Արարատ լերան նուիրուած օրուան առթիւ: Այո, ոմանք հարց պիտի տան, թէ ինչո՞ւ լերան մը օրը կը նշենք, ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս տօնակատարութիւնը: Սակայն մեր Արարատը բնաւ միայն լեռ մը չէ: Ան հազարամեակներ շարունակ եղած է մեր ազգի հպարտութիւնն ու պարծանքը, զոր մեր պապերը իրենց արիւնը տալով պահպանեցին կռուելով թշնամիներուն դէմ: Թէեւ առայժմ Արարատը կը գտնուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս, սակայն ան միշտ ներկայ է մեր սրտերուն մէջ, եւ իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր ձգտումն է վերադառնալ Մասիսին, իր ինքնութեան: Եթէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները որոշած են Արարատը հեռացնել հայկական դիմագիծէն, մենք պիտի ըլլանք այն սերունդը, որ պիտի յիշեցնէ անոնց, որ Արարատը մեր յոյսն է, մեր երազն է, մեր ինքնութիւնն է»: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն պատրաստած «Ուխտ Արարատին» տեսերիզը, որմէ ետք ընթացք առաւ բոլոր բաժիններէ աշակերտներու մասնակցութեամբ թատերական ներկայացում մը, որ կ’ընդգրկէր  խօսքեր, Արարատի մասին խմբական ասմունքներ, Արարատ լեռը նուաճած Ճեմարանի շրջանաւարտներու պատգամներու տեսերիզի ցուցադրութիւն, խմբական երգ եւ պար: Ձեռնարկը փակուեցաւ օրուան ընթացքին բոլոր աշակերտներուն սորված «Քոչարի» շուրջպարով:

Անմոռանալի օր մըն էր բոլորին համար: Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութեան «…Որ մե՛նք, միայն մե՛նք Արարատ ունենք» տողը ճեմարանականներուն շապիկներուն վրայ սոսկ տպագրութիւն մը չէր, այլ՝ հայոց պատմութեան ու հայ ազգին ապագային հանդէպ անոնց հաւատքն ու կամքը արտացոլող նշանաբանը: