Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը շարունակէ ուսման կողմնորոշման հանդիպումներու կազմակերպումը:
Երկուշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2025-ին, USEK համալսարանի ներկայացուցիչները այցելեցին Ճեմարան եւ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուցին համալսարան ընդունման պայմանները եւ տարբեր մասնագիտութիւնները:
