Աշխարհագրութեան դասապահերու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2025-ին , Դ. դասարանի աստղանաւորդները նախ ուսումնասիրեցին միլիառաւոր տարիներ առաջ ստեղծուած Տիեզերքը, Արեգակը եւ անոր ընտանիքին մաս կազմող ութ մոլորակները, ապա աշակերտները ծանօթացան արեգակին նկատմամբ մոլորակներուն դիրքին, ուսումնասիրեցին արեգակնային համակարգը, ուղեծիրը, ինչպէս նաեւ մեր գնդաձեւ կապոյտ մոլորակը՝ Երկիրը, որ աներեւոյթ առանցքի մը շուրջ ինքնիր վրայ կը դառնայ։
Վերջապէս իրենց գիտելիքները ամրապնդելու համար եւ երեւակայութեան թռիչք տալով, աշակերտները ներկայացուցին իրենց ստեղծագործութիւնները՝ հրաշալի մատիկներով պատրաստուած խոյզերը, որոնք արտացոլեցին անոնց հետաքրքրութիւնն ու հմայքը Տիեզերքին հանդէպ։
