Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2025-ին, Ը. դասարանի աշակերտները հանդիպում մը ունեցան «Առաջին Անձրեւը» դասին հեղինակին՝ Պօղոս Սնապեանի աղջկան՝ Թամար Սնապեան-Սերուժեանի հետ։ Տիկին Թամարը նախ ներկայացուց Պօղոս Սնապեանի կենսագրութիւնը մէջբերելով հեղինակին կեանքէն դրուագներ, ապա նշեց, որ չի բաւեր լա´ւ աշակերտ ըլլալը, նաեւ պէտք է ըլլալ հա´յ աշակերտ, սիրել մայրենին ու գուրգուրալ անոր, կարդալ գիրքեր ու զարգանալ: Ինչպէս նաեւ ան ներկայացուց «Աղքատներուն աւանդութիւնը» եւ «Ես այդ շունն եմ» գիրքերուն բովանդակութիւնը, խօսեցաւ հեղինակին տուն-թանգարանին մասին, ուր կը գտնուի Այնճարի մէջ: Յետոյ աշակերտները ունկնդրեցին հեղինակին ձայնագրութիւնը հայերէն լեզուի կարեւորութեան մասին:
Օգտաշատ ու հետաքրքրական այս Հանդիպման աւարտին տիկին Թամարը պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:
