ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

Չորեքշաբթի, 15 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները ընդառաջեցին մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտներուն ճաշի հրաւէրին։ Անոնք միասին ճաշեցին ու խաղացին հաճելի եւ անմոռանալի պահեր ապրելով։

ԴԷՊԻ ԱՐՀԵՍՏԱՆՈՑ

Չորեքշաբթի, 15 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին երեք արհեստանոց։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին կօշկակարի, երկաթագործի եւ ատաղձագործի աշխատանքները։ Յատուկ շնորհակալութիւն Պարոններ Ժագ եւ Արա Տէմիրճեաններուն՝ իրենց ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար։ Նոյն օրը, դպրոց վերադարձին, աշակերտները Ապու Խալիլ հանրախանութէն գնում կատարեցին եւ նուէրներ ստացած…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2013-ին, «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման գրասենեակէն Թելօ Նիկողոսեան Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն փոխանցեց «Հորիզոն» գրասենեակի մասին տեղեկութիւններ։ Ան ներկայացուց գրասենեակի նպատակն ու գործունէութիւնը, ապա բացատրեց, թէ ի´նչ է թմրեցուցիչը, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ կը գործածուի, ի՞նչ են անոր ազդեցութիւնները։ Ան ներկայացուց նաեւ թմրեցուցիչի տեսակները, տարբեր խմբաւորումները…

«ԿԱՐԿԱՉ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹ

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի ելոյթին եւ մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեցին օտար ու հայկական երգեր։ Անոնք դպրոց վերադարձան «Ղարաբաղ» երգը սորված։ Ճեմարանի աշակերտներէն «Կարկաչ» երգչախումբին մաս կը կազմեն՝ -Տարրական բաժինէն՝ Մանուէլ Թասլաքեան, Սելին Գասապեան, Հիլտա Գասապեան, Լոռի Խաչատուրեան, Նանար Այնթապլեան, Մարիա Գաբլանեան…

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները Համբարձման տօնը նշեցին դպրոցէն ներս։ Հայերէնի դասապահուն, աշակերտները 7 «աղբիւր»է ջուր լեցուցին խորունկ ամանի մէջ, վիճակ ձգեցին, երգեցին ու պարեցին։

ՅԱՍՄԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2013-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ «Նշանս» գիրքի հեղինակ Յասմիկ Շահինեան այցելեց Ճեմարան ու հանդիպեցաւ մանկապարտէզի կանաչ դասարանի եւ տարրական բաժինի աշակերտներուն հետ։ Ան փոքրիկներուն ներկայացուց «Նշանս» գիրքի պատրաստութեան հանգրուանները եւ պատմեց բովանդակութիւնը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին պատմուածքը, հարցումներ ուղղեցին հեղինակին եւ կարծիքներ յայտնեցին։

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2013-ին տեղի ունեցաւ «Մարզական Օր» Ճեմարանի մէջ։ Առաւօտեան ժամը 8։00-ին, դպրոցի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, Ճեմարանի քայլերգի երգեցողութենէն ետք, տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց աշակերտները եւ շեշտեց, որ մրցակցութիւնը պէտք է ըլլայ ազնիւ, պէտք է յարգանքով ու ասպետական ոգիով ընդունինք պարտութիւնն ու յաղթանակը եւ ուրախութեամբ զիրար շնորհաւորենք։…

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2013-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը։ Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը ընթերցեց Նարօտ Մերտխանեան, ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Կարօ Գրիգորեանի դաշնամուրով եւ Ռուբէն Խաչատուրեանի թաւջութակով նուագներէն ետք, Դ. դասարանի աշակերտները արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»էն հատուած մը, ապա դարձեալ…

ԼԵՎԱՄ-Ի ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան 2012-2013 տարեշրջանի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի աւարտական մրցումները տեղի ունեցան Կիրակի, 21 Ապրիլ 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 98 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2013-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները Հայկական Ցեղասպանութեան 98 ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով։ Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։ Ժամը 9-ին, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն…

«ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ»

Հինգշաբթի, 18 եւ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2013-ին, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով դիտեցին Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբին ներկայացումը՝ «Սասունցի Դաւիթ»։ Բեմադրիչն էր Ռոպէրթ Առաքելեանը։ «Սասունցի Դաւիթ» ներկայացումին մասնակից էին նաեւ Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Տարրական բաժինէն՝ Այնթապլեան Նանոր-Լիլա, Գափլանեան Մարիա, Մաքտեսեան Լիլա եւ Արբաճեան Աբիկ Նախակրթարանէն՝…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ԳՐԱԳԷՏ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2013-ին, Ը. դասարանի աշակերտները հանդիպում մը ունեցան իրենց ընթերցանութեան դասին հեղինակին՝ Պօղոս Սնապեանի հետ։ Հանդիպման բացման խօսքը կարդաց գրագէտին թոռնուհին՝ Նարօտ Սերուժեանը, որ ներկայացուց Պօղոս Սնապեանի կենսագրութիւնը. ապա խումբ մը աշակերտներ ընթերցեցին «Ինչպէս հայհոյեմ» գիրքէն՝ «Ահաբեկչական օրհնութիւն»ը, որմէ ետք նուագեցին Սէրուժ Յովսէփեան (դաշնակ) եւ Նարէ…