«ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ»

Հինգշաբթի, 18 եւ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2013-ին, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով դիտեցին Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբին ներկայացումը՝ «Սասունցի Դաւիթ»։ Բեմադրիչն էր Ռոպէրթ Առաքելեանը։ «Սասունցի Դաւիթ» ներկայացումին մասնակից էին նաեւ Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Տարրական բաժինէն՝ Այնթապլեան Նանոր-Լիլա, Գափլանեան Մարիա, Մաքտեսեան Լիլա եւ Արբաճեան Աբիկ Նախակրթարանէն՝ Կարէն Խիւտավերտեան եւ Կարօտ Աֆարեան Միջնակարգէն՝ Եագուպեան Սագօ, Յովսէփեան Սէրուժ, Տօնիկեան Պօղոս, Կօշկակարեան Նշան, Լոռի Գորէսեան եւ Արիանէ Թասլաքեան