ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2013-ին տեղի ունեցաւ «Մարզական Օր» Ճեմարանի մէջ։ Առաւօտեան ժամը 8։00-ին, դպրոցի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, Ճեմարանի քայլերգի երգեցողութենէն ետք, տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց աշակերտները եւ շեշտեց, որ մրցակցութիւնը պէտք է ըլլայ ազնիւ, պէտք է յարգանքով ու ասպետական ոգիով ընդունինք պարտութիւնն ու յաղթանակը եւ ուրախութեամբ զիրար շնորհաւորենք։ Տնօրէնի խօսքէն ետք, դպրոցի մարզանքի ուսուցչուհի Վարդուկ Մարգարեան օրուան ընթացքին կիրարկուելիք յայտագրին մասին բացատրութիւններ տուաւ աշակերտներուն, ապա մարզական օրուան յայտագիրը սկսաւ։ Կայքէջի «նկարներ» գլուխին տակ կը գտնէք աշակերտներուն նկարները՝ մարզախաղերուն ընթացքին։