ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2013-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը։ Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը ընթերցեց Նարօտ Մերտխանեան, ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Կարօ Գրիգորեանի դաշնամուրով եւ Ռուբէն Խաչատուրեանի թաւջութակով նուագներէն ետք, Դ. դասարանի աշակերտները արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»էն հատուած մը, ապա դարձեալ նուագով հանդէս եկան Սվետլանա Միքայէլեան (ջութակ) եւ Մարգարիտա Միքայէլեան (դաշնամուր)։ Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-զրոյց՝ «երեխաներուն ի՞նչպէս փոխանցել ցեղասպանութիւնը» նիւթով։ Զրոյցին մասնակցեցան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան՝ իբրեւ մանկավարժ պատասխանատու, Վերա Սիսեռեան՝ իբրեւ հոգեբան, աշակերտներէն՝ Վագօ Հաշէօլեան, ծնողներէն՝ Սալբի Մուրատեան։ Զրուցավարն էր հայերէնի ուսուցչուհի Սիլվա Թապագեան։ Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պիտի գնանք» խմբերգով։