ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2013-ին, «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման գրասենեակէն Թելօ Նիկողոսեան Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն փոխանցեց «Հորիզոն» գրասենեակի մասին տեղեկութիւններ։ Ան ներկայացուց գրասենեակի նպատակն ու գործունէութիւնը, ապա բացատրեց, թէ ի´նչ է թմրեցուցիչը, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ կը գործածուի, ի՞նչ են անոր ազդեցութիւնները։ Ան ներկայացուց նաեւ թմրեցուցիչի տեսակները, տարբեր խմբաւորումները եւ անոնց ունեցած ժխտական հետեւանքները՝ ֆիզիքական, ընկերային եւ հոգեբանական մարզերէն ներս։ Դասախօսութեան աւարտին, Թելօ Նիկողոսեան խօսեցաւ ալքոլի եւ քաֆէինի ազդեցութիւններուն մասին, ապա ցուցադրեց նիւթին առնչուած տեսերիզ մը։ Կալի Խիւտավերտեան Թ. դասարան