ԴԷՊԻ ԱՐՀԵՍՏԱՆՈՑ

Չորեքշաբթի, 15 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին երեք արհեստանոց։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին կօշկակարի, երկաթագործի եւ ատաղձագործի աշխատանքները։ Յատուկ շնորհակալութիւն Պարոններ Ժագ եւ Արա Տէմիրճեաններուն՝ իրենց ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար։ Նոյն օրը, դպրոց վերադարձին, աշակերտները Ապու Խալիլ հանրախանութէն գնում կատարեցին եւ նուէրներ ստացած դպրոց վերադարձան։