ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Մանկապարտէզի աշակերտները ելոյթ ունեցան կաղանդի երգերով եւ պարեցին «կաղանդ պապա»ներուն հետ, ապա փոքրիկները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ վայելեցին պազարին ճոխ մթնոլորտը եւ ճաշակեցին համեղ ուտելիքները: Պազարը բաց կը մնայ…

ԼԵՎԱՄ-Ի ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, աջակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի յանձնախումբին, Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի փինկ փոնկի մրցաշարքը: Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 2003 / 2004-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Թիլա Պլըտեան (առաջին), Ինեսսա Քեչէք (երկրորդ), Սվետլանա Միքայէլեան եւ Լորի Պէրպէրեան…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երեքշաբթի 2 Դեկտեմբեր 2014-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Bou Khalil» եւ ծանօթացան հանրախանութի տարբեր բաժիններուն: Չորեքշաբթի առաւօտեան, նախաճաշի պահուն, աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ճաշակեցին իրենց գնած սննդարար ուտելիքները:

ԼԵՎԱՄ-Ի 2014-2015 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՔՐՈՍ ՔԱՆԹՐԻ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին, Կիրակի 23 Նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 9:30 տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2014-2015 տարեշրջանի քրոսը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 2001-2002-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Լէա Պուտաքեան (երկրորդ) –…

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, դիտելու տան զանազան բաժանումները եւ ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները։ Այցելութեան աւարտին տանտիկինը քաղցրեղէն հրամցուց աշակերտներուն։

ՆԱԽԱՃԱՇ

Ուրբաթ, 28 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին,Գուրունֆուլ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած նախաճաշը («Brunch»): Ներկաները հաճելի ժամանակ անցուցին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:

ՆԱԽԱՃԱՇ

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ին, նախակրթարանի Ե. դասարաններու ընկերային յանձնախումբերուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ նախաճաշ՝ դաստիարակ ուսուցիչներուն հսկողութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Նախաճաշին ընթացքին, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան աշակերտներուն խօսեցաւ դպրոցէն ներս յայտնուող ընկերային անհասկացողութիւններուն մասին, որոնք երբեմն անհիմն կ’ըլլան: Նիւթը զարգացաւ զրոյցի, բեմականացման եւ կարծիքներու փոխանակման ընդմէջէն, եւ զանազան առաջարկներ ներկայացուեցան…

«NOEL ET MILLE MERVEILLES»

Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014-ին մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան «NOEL ET MILLE MERVEILLES» ֆրանսերէն լեզուով երաժշտախառն ներկայացումին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱՀՐ ԷՐ ՔԵԼՊ

Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2014-ին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Նահր Էլ Քելպ։ Արաբերէն լեզուի ուսուցչուհին կարդաց հոն զետեղուած բարձրաքանդակներուն արձանագրութիւնները եւ համապատասխան բացատրութիւնները տուաւ՝ Լիբանանի անկախութեան պատմութեան ու անձնաւորութիւններուն մասին, ապա աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՊԸԲ» ԿԵԴՐՈՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբի հրաւէրով Ժ. դասարաններու աշակերտները Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2014-ին իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն, դիտեցին տեսերիզ մը, ապա շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները: Աշակերտներուն հոգիներուն մէջ դրոշմուեցաւ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2014-ին, տարրական բաժինի աշակերտները ճոխ մթնոլորտի մէջ նշեցին Լիբանանի անխախութեան տօնը: