ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 98 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2013-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները Հայկական Ցեղասպանութեան 98 ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով։ Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։ Ժամը 9-ին, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղիկներու զետեղում՝ Նահատակաց յուշարձանին դիմաց։ Ժամը 1։30-ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը՝ կազմակերպութեամբ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն։ Սարհատ Հանտեան ընթերցեց Սողոմոն Թեհլիրեանի մօրը ուղղած անդրշիրիմեան նամակը, որմէ ետք Ը. եւ Թ. դասարաններէն աշակերտներ կենդանի պատկերով ներկայացուցին Թալէաթի ահաբեկումը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Արդարահատոյց բռունցքներ»ու հեռարձակում՝ Ը. դասարանի աշակերտներուն պատրաստութեամբ։ Նարօտ Սերուժեանի՝ ջութակով եւ Նանի Գալուստեանի՝ սրինգով «Կիլիկիա» նուագէն ետք, Թ. եւ Ժ. դասարաններէն աշակերտներ պարեցին «Հայի Աչեր»ը, ապա Հայկ Աւետիս ասմունքեց նահատակ գրագէտ Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը», որմէ ետք Արին Թաշճեան ջութակով նուագեց «Ծիծեռնակ»ը։ Ժ. դասարանէն աշակերտներ բեմականացուցին նահատակ գրագէտ Սիամանթոյի «Հայ Դաշտերուն Պաղատանքը», ապա Ը. դասարանէն աշակերտներ ներկայացուցին «Ծիծեռնակաբերդ»ը, որմէ ետք Սագօ Եագուպեան ասմունքեց Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Թաղում Քաջորդւոյն» բանաստեղծութիւնը ։ Նարէ Աշգարեան ջութակով նուագեց «Կռունկ»ը, ապա Ը. դասարանէն աշակերտներ ընթերցեցին «Ի՞նչ կ՚ըսուի ցեղասպանութեան մասին» խորագրով՝ օտար գրողներու եւ թուրքերու արտայայտութիւնները ցեղասպանութեան մասին։ Այնուհետեւ Ը. դասարանէն աշակերտներ Մասիսներու բուրգը կազմեցին, եւ ձեռնարկը աւարտեցաւ Է. Ը. Թ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներու ազգագրական պարով։