ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ԳՐԱԳԷՏ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2013-ին, Ը. դասարանի աշակերտները հանդիպում մը ունեցան իրենց ընթերցանութեան դասին հեղինակին՝ Պօղոս Սնապեանի հետ։ Հանդիպման բացման խօսքը կարդաց գրագէտին թոռնուհին՝ Նարօտ Սերուժեանը, որ ներկայացուց Պօղոս Սնապեանի կենսագրութիւնը. ապա խումբ մը աշակերտներ ընթերցեցին «Ինչպէս հայհոյեմ» գիրքէն՝ «Ահաբեկչական օրհնութիւն»ը, որմէ ետք նուագեցին Սէրուժ Յովսէփեան (դաշնակ) եւ Նարէ Աշգարեան (ջութակ)։ Այնուհետեւ աշակերտները «Ատրճանակը» գրութենէն հատուածներ ընթերցեցին։ Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, գրագէտը հրաւիրուեցաւ՝ իր սրտի խօսքը փոխանցելու աշակերտութեան։ Ան աշակերտները բախտաւոր որակեց, որովհետեւ կը յաճախեն հայկական լաւագոյն վարժարաններէն մէկը՝ Ճեմարան, որուն համար թելադրեց անոնց շնորհակալութիւն յայտնել իրենց ծնողներուն։ Ան նշեց նաեւ, որ չի բաւեր լա´ւ աշակերտ ըլլալը, որովհետեւ հա´յ աշակերտը դպրոցը աւարտելէն ետքն ալ ընելիք ունի, որովհետեւ եղեռնէն ազատած սերունդին շառաւիղն է եւ շրջապատին մէջ կատարելիք դեր ունի։ Ապա ընթացք առաւ սրտբաց զրոյց մը։ Գրագէտը պատասխանեց աշակերտներուն բոլոր հարցումներուն՝ դրուագներ մէջբերելով իր կեանքէն։ Հանդիպման աւարտին, Պօղոս Սնապեան արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Գուշակը» բանաստեղծութիւնը եւ թելադրեց աշակերտներուն ընտրել Վարուժանի յիշած երրորդ ճամբան, որպէսզի անոնք միշտ ձգտին բարձրին ու կատարեալին։ Ստորեւ Վարուժանի բանաստեղծութիւնը. Ձեռքըս բռնեց գուշակն, եւ Քարայրին քով ինծի ըսաւ. -Ափիդ մէջ կայ երեք կնճիռ,- Երեք ճամբայ առջեւդ ելաւ։ Մին ցամաքէն քեզ կը տանի Լուսնի լուսով մինչեւ անտառ, Ուր կը պարէ կոյս մ՚հոլանի…, Ցուպըդ կոտրէ եւ մի´ երթար։ Միւսը ծովէն է ակօսուեր. Քեզ կը տանի կղզին դալար՝ Ուր կը վազեն ոսկի գետեր…, Ղեկըդ փշրէ ու մի´ երթար։ Երրորդ ճամբան է երկինքէն. Պարզէ թռիչներդ սեփական, Մինչեւ աստղերը սիրտդ այրեն. Շարունակէ դու այդ ճամբան։