«ԿԱՐԿԱՉ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹ

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի ելոյթին եւ մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեցին օտար ու հայկական երգեր։ Անոնք դպրոց վերադարձան «Ղարաբաղ» երգը սորված։ Ճեմարանի աշակերտներէն «Կարկաչ» երգչախումբին մաս կը կազմեն՝ -Տարրական բաժինէն՝ Մանուէլ Թասլաքեան, Սելին Գասապեան, Հիլտա Գասապեան, Լոռի Խաչատուրեան, Նանար Այնթապլեան, Մարիա Գաբլանեան եւ Սէրլի Աբովեան. -Նախակրթարանէն՝ Նարօտ Թասլաքեան եւ Լոռի Խաչատուրեան. -Միջնակարգէն՝ Արամ Սեւակ Աֆարեան, Պօղոս Տօնիկեան, Փաթիլ Յակոբեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Սեւանա Պոյաճեան.