ՅԱՍՄԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2013-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ «Նշանս» գիրքի հեղինակ Յասմիկ Շահինեան այցելեց Ճեմարան ու հանդիպեցաւ մանկապարտէզի կանաչ դասարանի եւ տարրական բաժինի աշակերտներուն հետ։ Ան փոքրիկներուն ներկայացուց «Նշանս» գիրքի պատրաստութեան հանգրուանները եւ պատմեց բովանդակութիւնը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին պատմուածքը, հարցումներ ուղղեցին հեղինակին եւ կարծիքներ յայտնեցին։