Գիտութեան դասապահուն տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները տերեւներով պատրաստեցին տարբեր կենդանիներու նկարներ. իւրաքանչիւրը աշխատեցաւ յատուկ ձեւով։
Այս աշխատանքը զարգացուց անոնց թէ՛ տեսողական, թէ՛ երեւակայական միտքը, նաեւ այսպիսով կրցան տեսնել եւ գիտնալ, որ տերեւները կ’ըլլան տարբեր տեսակի, իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ ձեւը, ինչպէս ամէն մէկ աշակերտ ունի իր յատուկ աշխատելաձեւը։
