ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2025-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադառնալէ ետք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան նպատակին, աշխարհատարած կառոյցներուն եւ գործունէութեան, ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրները եւ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր ծրագիրի մասին: Ի վերջոյ, ան քաջալերեց աւարտականները, որ իրենց ներդրումը ունենան իրենց նախասիրած բնագաւառներուն վերաբերող Համազգայինի յիշեալ աշխատանքներուն մէջ: