Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2025-ին, Կապոյտ դասարանի փոքրիկները այցելեցին Հրշէջներու Կեդրոն։
Երեխաները մեծ խանդավառութեամբ ունկնդրեցին հրշէջին բացատրութիւնները, դիտեցին հրշէջին գործիքները, բարձրացան հրշէջներու ինքնաշարժը եւ շրջեցան շրջափակին մէջ։ Ապա մեծ հրճուանքով փորձեցին խողովակներով ջուր թափել՝ ինչպէս իսկական հրշէջներ։
Հաճելի եւ յիշատակելի օր մըն էր։
