ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի 10 Նոյեմբեր 2025-ին, Ճեմարան ներկայացան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական պատասխանատու Սամ Կարապետ, տնօրէն խորհուրդէն`Ռալֆ Քէօշկէրեան եւ «Արեգ» թատերական դպրոցի վարիչ Սիլվա Սողոմոնեան:

Անոնք Բ. դասարանէն Թ. դասարանի բոլոր աշակերտներուն խօսեցան համազգայինի զոյգ կեդրոններուն մասին, ուր կը գործեն «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, «Կարկաչ» երգչախումբը, «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցը, «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցը եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը: Անոնք քաջալերեցին աշակերտները միանալու իրենց նախասիրած բնագաւառներուն եւ դարձնելու արուեստը իրենց կեանքէն մաս մը։ Բոլորուելով Համազգայինի ընտանիքին շուրջ, անոնք անպայման թրծուած կ’ըլլան հայ մշակոյթով։