Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր 2025-ին Ճեմարան այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու՝ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Կարօ Յարութիւնեանի։
Պատուիրակութիւնը նախ հանդիպեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ ծանօթացաւ դպրոցի գործունէութեան, ապա շրջեցաւ դպրոցին զանազան բաժիններուն մէջ. յատկանշական էր աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ անակնկալ հանդիպումը, որուն ընթացքին Ալպեր Պալապանեան կարեւորելով հայեցի դաստիարակութիւնը շեշտեց աշակերտներուն բախտաւորութիւնը շրջանաւարտ դառնալու Ճեմարանի նման կրթական պատմական հաստատութենէ մը։
Այցելութեան աւարտին պատուիրակութիւնը շրջագայեցաւ Նորսիկեան մանկապարտէզի եւ «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի մէջ։
