ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2025-ին, կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու համակարգող Արին Գալուստեան տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնացումի եւ ընդհանուր զարգացման համար խաղի անհրաժեշտութեան եւ խաղերու տեսակներուն մասին: Ապա ան անդրադարձաւ համակարգչային խաղերուն եւ վերջապէս անոնց ծանօթացուց Համազգայինի Լալան ու Արան մանկական խաղերու շարքը։ Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կրնան ներբեռնել եւ ըմբոշխնել այս խաղերը իրենց մայրենիով։