ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԱՊԱՀ ԻՍԻ-ԼԷ-ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ-ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2025-ին, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան յատկանշական առցանց դասապահու մը Փարիզի Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի իրենց հասակակիցներուն հետ։

Մայրենին դարձեալ եղաւ այն շաղկապը, որ միացուց երկու երկիրներու փոքրիկները՝ ջերմութեամբ, ժպիտներով ու բաց սրտերով։

Դասապահը բացուեցաւ ջերմ «Բարի լոյս»ով։ Յատկապէս ուրախալի էր սիրելի հայերէնի ուսուցչուհի եւ «Հայրենի Կարկաչ» գիրքի հեղինակ՝ Աղաւնի Ֆստըքճեանին ներկայութիւնը։ Ան իր ներկայութեամբ աւելի իմաստուն ու խորհրդանշական շունչ տուաւ հանդիպումին։

Աշակերտները հերթով ներկայացան իրենց անուն–մականուններով, ապա շարժումային խաղ մը բացաւ զրոյցներն ու ժպիտները։ Յետոյ աշակերտները մտիկ ըրին Լեւոն Շանթի «Կէս Խնձոր» պատմուածքը՝ նորեկ Անահիտի, ջերմասիրտ Հռիփիկի եւ փոքր բարիքի մեծ ուժին մասին։

Քննարկումներու ընթացքին անոնք պատասխանեցին շարք մը հարցումներու. «Լաւ ընկերուհի զատեր ես» գնահատականը դարձաւ օրուան պատգամն ու դասը։

Պատմուածքէն ոգեշնչուած՝ աշակերտները միասին նշեցին, որ իսկական ընկերութիւնը կը հիմնուի հետեւեալ սկզբուքներուն հիման վրայ.

Վստահութեան եւ ապահովութեան՝ լաւ ընկերը դժուար պահուն կը լսէ եւ կը քաջալերէ։

Զգացական աջակցութեան՝ մխիթարանք ու քաջութիւն ներշնչող ներկայութիւն։

Կիսուելու եւ իրարու օգնելու վարժութեան։

Մայրենիով հաղորդակցութեան եւ մշակոյթը պահպանելու ուժին։

Ուսումին խթան հանդիսանալու կարողութեան։

Անոնք սորվեցան բարեկամութիւնը խնամելու ձեւերուն մասին։

Դասապահու աւարտին մեր փոքրիկները նաեւ նամակներ գրեցին իրենց ֆրանսաբնակ նոր ընկերներուն՝ խոստանալով միշտ կապի մէջ մնալ եւ շարունակել սկսած ջերմ բարեկամութիւնը։

Այս դասապահը եղաւ ոչ միայն լեզուական հմտութիւններ զարգացնող ժամ, այլ նաեւ միջ-երկրային կամուրջ, ուր մեր փոքրիկները իրենց մայրենիով եւ ժպիտներով դուրս եկան սահմաններէն անդին։ Ինչպէս պատմուածքին մէջ՝ «կէս խնձոր» մը դարձաւ ամբողջ կեանք տեւող ընկերութեան հիմք, նաեւ այսօր երկու դպրոցներու միջեւ ստեղծուեցաւ յիշարժան ու ջերմ կապ մը։