ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԱՊԱՀ ԻՍԻ-ԼԷ-ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ-ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2025-ին, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան յատկանշական առցանց դասապահու մը Փարիզի Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի իրենց հասակակիցներուն հետ։ Մայրենին դարձեալ եղաւ այն շաղկապը, որ միացուց երկու երկիրներու փոքրիկները՝ ջերմութեամբ, ժպիտներով ու բաց սրտերով։ Դասապահը բացուեցաւ ջերմ «Բարի լոյս»ով։ Յատկապէս ուրախալի…
