ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր 2025-ին, միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Լիբանանի պատմութեամբ եւ մշակոյթով հարուստ քանի մը վայրեր:

Անոնք նախ այցելեցին Նահր Ալ Քալպի մէկ պատին վրայ զետեղուած, Լիբանանի անկախութեան նուիրուած նշանաւոր յուշակոթողներուն վայրը: Արաբերէնի ուսուցչուհին աշակերտներուն բացատրեց այդ յուշակոթողներուն բովանդակութիւնն ու արժէքը:

Ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի Մեծամօր Զմմառու վանքը, որ գոյութիւն ունի 1749 թուականէն: Անոնք նախ մտան եկեղեցի, ուր լսեցին հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեանի բացատրութիւնները վանքի հիմնադրութեան մասին. հայր Նարեկը պատմեց նաեւ, որ Սիմոն Զաւարեան, երբ Լիբանան այցելած է, ապաստան գտած է Զմմառու վանքին մէջ: Թրքական բանակը կասկածելով` պաշարած է վանքը: Օրուան Մեծաւորը ծպտած է Զաւարեանը եւ ստորերկրեայ գաղտնի ճամբով փախցուցած է: Ան  խօսեցաւ երանելի նահատակ Ինքնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման մասին: Ապա աշակերտները մտան  հրաշագործ Աստուածամօր մատուռը, ուր տեղի ունեցած են հրաշքներ: Յետոյ աշակերտները այցելեցին վանքին թանգարանը եւ գինիի մառանը: Թանգարանին մէջ աշակերտները ականատես եղան հայ մշակոյթի անգնահատելի գանձերուն, ինչպէս՝ դրամներու հաւաքածոյին,  Քէօթահիայի գործերուն, եպիսկոպոսական գաւազաններուն, պատարագի զգեստներուն, սուրբերու մասունքներուն, զուտ արծաթ սկիհներուն, ասեղնագործ շուրջառներու: Իրապէս աշակերտները, այդ օր  հարստացան գիտելիքներով ու մտաւոր գանձերով:

Այցելութեան երրորդ եւ վերջին վայրն  էր Ֆաքրայի բերդը՝ հնագիտական վայր մը, հռոմէական եւ բիւզանդական աւերակներով։ Ան կը նկատուի Նահր Ալ Քալպ հովիտին (հին յունարէնով՝ Լիւկոս գետ) ամենակարեւոր հնավայրերէն մէկը, որ ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Բերդը կը բաղկանայ սիւներու, զոհասեղաններու, դամբարաններու եւ տաճարներու մնացորդներէն։ Աշակերտները իրենց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան  ուսուցչուհիէն լսեցին այս բերդին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ շրջեցան  բերդին տարածքի աւերակներուն մէջ:

Վերջապէս աշակերտները վերադարձան դպրոց նոր գիտելիքներով յագեցած: