ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ԿԱՐՕ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2025-ին Ճեմարանի 2019-ի շրջանաւարտ Կարօ Գրիգորեան հանդիպում ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ եւ իրենց ներկայացուց Ֆրանսա ուսանելու բոլոր մանրամասնութիւնները՝ համալսարաններ, տարբեր մասնագիտութիւններ, կեցութեան պայմաններ…: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ իր մասնագիտութեան՝ «Aerospace engineering»-ին, զոր ինք կ’աւարտէ յառաջիկայ տարի:
Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ապա բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին Կարոյին:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Կարօ Գրիգորեանին. ուրախ ենք, որ մեր շրջանաւարտները իրենց ներդրումը կ’ունենան նոր սերունդներուն ուսման կողմնորոշման մէջ: