«ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ-ԳՐԱՏԱՐԱԾԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Արսէն եւ Սօսի Հալաճեան ամոլին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածին, Կիրակի, 17 Ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս վաճառքի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւն: Խօսք առաւ…

ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլին ատամնաբոյժ Ն. Տաքքաշ տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. Դասարանի աշակերտներուն ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով խօսեցաւ ակռաներու առողջապահութեան կարեւորութեան մասին: Ակռաներու փտութեան պատճառներուն եւ կանխարգիլման միջոցներուն մասին բացատրութիւնը ընթացաւ զրոյցի ձեւով: Դպրոցի հիւանդապահուհի Քրիստին Մխճեան փոխանցուած տեղեկութիւնները հայերէն լեզուով բացատրեց աշակերտներուն։ Դասախօսութեան աւարտին, փոքրիկները դիտեցին ֆրանսերէն…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երկուշաբթի, 11 Ապրիլին ԺԱ. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանին, այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն։ Ինչպէս ամէն տարի, անոնք իրենց հետ տարին հիւրասիրութիւն, նուէր՝ կեդրոնին եւ Ճեմարանի աշակերտութեան կողմէ հանգանակութեան գումարը։ Կեդրոնի տնօրէնուհին՝ Արաքսի Տապաղեանը, բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ բացատրեց թէ դիւրին չէ թերաճ մանուկներու հետ աշխատիլ,…

ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՊԱՀԻ ՀԻՒՐԵՐ

Պարբերաբար անասուններ կ՚այցելեն տարրական բաժինի Ա. դասարանները՝ գիտութեան դասերը կենդանացնելու նպատակով։ Աշակերտներէն ոմանք իրենց տուներէն կը բերեն անասուն մը եւ զայն կը ներկայացնեն իրենց ընկերներուն։ Դիտելով, շօշափելով ու քիչ մըն ալ զուարճանալով, աշակերտները կ՚ամրապնդեն անասուններու մասին իրենց ատացած գիտելիքները։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Նախակրթարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, Մարտ ամսուն մասնակցեցաւ Լիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին։ Շաբաթ, 26 Մարտին, Մոն Լա Սալի մէջ, Լեռնալիբանանի մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտուհիները իրենց կեցուածքին, կատարողութեան եւ համաչափ շարժումներուն համար ստացան բարձր գնահատական եւ անցան ախոյեանական հանգրուան։ Ուրբաթ, 1 Ապրիլին տեղի ունեցաւ աւարտական…

«ԱՆԲԱՆ ՀՈՒՐԻՆ»

Հայրենի վաստակաշատ դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Հայ թատրոնի ամսուան» ներկայացումներուն ծիրէն ներս, Ուրբաթ 1 Ապրիլին, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Հրաչեայ Գասպարեանի բեմադրութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի «Անբան Հուրին» թատերախաղի աշակերտական ներկայացումին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ըմբոշխնեցին ներկայացումը։ Անոնք լաւատեղեակ էին Թումանեանի…

ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄ

Համագործակցութեամբ Գարակէօզեանի ու առողջապահական նախարարութեան եւ հսկողութեամբ դպրոցի հիւանդապահուհի Քրիստին Մխճեանի, Մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան հետեւեալ պատուաստումները. -Պրկախտի (DT), հարսանիթի, գերմանական հարսանիթի եւ խուլականջի (MMR) պատուաստումները Զ. դասարանի աշակերտներուն։ -Մանկական անդամալուծութեան (polio) պատուաստումները մանկամսուրի, մանկապարտէզի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն։

ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ ԾԽԱԽՈՏԷ ԶԵՐԾ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Ծխախոտի դէմ կատարուած մէկ ամսուան ծրագրուած արշաւէ մը ետք, Երեքշաբթի, 29 Մարտին TFI (Tobacco free initiative) կազմակերպութեան եւ Ճեմարանի տնօրէնութեան միջեւ կնքուեցաւ համաձայնագիր մը, ըստ որուն Ճեմարանը յայտարարուեցաւ «ծխախոտէ զերծ միջավայր»։ TFI կազմակերպութեան տնօրէնը բարձր գնահատեց տարրական բաժինէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կողմէ տարուած աշխատանքը եւ փափաք յայտնեց,…

ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Երեքշաբթի, 29 Մարտին, գիտութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, սննդագէտ Անի Տէյիրմենճեան-Ժերթիտեան այցելեց Ճեմարան եւ Ե. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց առողջ սննդականոնի մասին օգտակար գիտելիքներ։ Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն։

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 16 Մարտին Է. դասարաններու աշակերտները իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ վերակենդանացուցին լիբանանեան ֆոլքլորը Չալեան սրահին մէջ, ուր ցուցադրուած էին աւանդական ձեռակերտ իրեր, անօթներ, հին նուագարաններ, համրիչներ ու զարդեղէն։ Պատրաստուած էր նաեւ լիբանանեան զանազան ճաշատեսակներով հարուստ սեղան մը։ Ուսուցչուհին ու աշակերտները սրահ մուտք գործեցին լիբանանցիի աւանդական տարազներով՝ գաւառական երաժշտութեան…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Շաբաթ, 26 Մարտ 2011-ին, կազմակերպութեամբ Հ.Ե.Ը.ի Անդրանիկ-Սեւան ակումբի Գործադիր Մարմնին, տեղի ունեցաւ ընդհանուր զարգացման մրցում մը, որուն մասնակցեցան ութ հայկական վարժարաններու Թ., Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներ, իւրաքանչիւր վարժարանէ՝ 4 աշակերտ։ Մասնակից վարժարաններն էին. Դարուհի-Յովակիմեան, Գէորգ Հարպոյեան, Շամլեան Թաթիկեան, Հայ Աւետարանական Քոլէճ, Քաղաքի Բարձրագոյն Վարժարան, Լեւոն եւ…

ԾԽԱԽՈՏԻ ԴԷՄ ԱՐՇԱՒ

Ճեմարանի ամբողջ աշակերտութիւնը՝ տարրական բաժինէն մինչեւ աւարտական դասարան, մասնակցեցաւ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին կազմակերպած ծխախոտի դէմ արշաւին։ Տարրական բաժինի աշակերտներուն հետ տեղի ունեցաւ զրոյց ծխախոտին պատճառած վնասներուն մասին, ապա անոնք գծագրութիւններով արտայայտեցին իրենց կարծիքը։ Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները պատի թերթի համար ծխախոտի դէմ լոզունգներ պատրաստեցին ֆրանսերէն լեզուով, իսկ Ե….