ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Շաբաթ, 26 Մարտ 2011-ին, կազմակերպութեամբ Հ.Ե.Ը.ի Անդրանիկ-Սեւան ակումբի Գործադիր Մարմնին, տեղի ունեցաւ ընդհանուր զարգացման մրցում մը, որուն մասնակցեցան ութ հայկական վարժարաններու Թ., Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներ, իւրաքանչիւր վարժարանէ՝ 4 աշակերտ։ Մասնակից վարժարաններն էին. Դարուհի-Յովակիմեան, Գէորգ Հարպոյեան, Շամլեան Թաթիկեան, Հայ Աւետարանական Քոլէճ, Քաղաքի Բարձրագոյն Վարժարան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Եղիշէ Մանուկեան եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան։ Ճեմարանի աւարտական դասարանէն մասնակցեցան Մհեր Գաւլագեան, Հերակ Հերկելեան, Պերճ Քերթեշեան եւ Աբիկ Աբրահամեան։ Զարգացման մրցումը կ՚ընդգրկէր 20-21-րդ դարու նիւթեր. հայոց պատմութիւն, ընդհանուր աշխարհագրութիւն, ընդհանուր պատմութիւն, գեղարուեստ եւ երաժշտութիւն, մարզական, ընդհանուր գիտելիքներ, համակարգիչ եւ համացանց, շարժապատկեր եւ հայ գրականութիւն։ Լաւապէս կազմակեպուած եւ բաւական նորութիւններ ընդգրկող այս մրցումին, թէեւ առաջին հարցումներուն Ճեմարանի աշակերտները կորսուած էին, սակայն անոնք վերագտնելով իրենց ուժերը, սուր պայքար մղեցին եւ հանդիսացան 2-րդ, միայն չորս կէտով զիջելով Դարուհի Յովակիմեանին։ 3-րդ հանդիսացաւ Լ. Եւ Ս. Յակոբեան։ Մրցումին աւարտին, բոլոր մասնակիցներուն տրուեցաւ 4 GB USB-ներ, իսկ առաջին երեք մրցանակակիրներուն յաջորդաբար՝ mini-laptop, 16 GB USB եւ 8GB USB։ Աբիկ Աբրահամեան ԺԲ. դասարան