ԾԽԱԽՈՏԻ ԴԷՄ ԱՐՇԱՒ

Ճեմարանի ամբողջ աշակերտութիւնը՝ տարրական բաժինէն մինչեւ աւարտական դասարան, մասնակցեցաւ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին կազմակերպած ծխախոտի դէմ արշաւին։ Տարրական բաժինի աշակերտներուն հետ տեղի ունեցաւ զրոյց ծխախոտին պատճառած վնասներուն մասին, ապա անոնք գծագրութիւններով արտայայտեցին իրենց կարծիքը։ Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները պատի թերթի համար ծխախոտի դէմ լոզունգներ պատրաստեցին ֆրանսերէն լեզուով, իսկ Ե. դասարանի աշակերտները՝ արաբերէն լեզուով։ Զ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին ծխախոտին վնասներուն մասին գիտական տեղեկութիւններով պատի թերթի աշխատանք։ Միջնակարգի աշակերտները նոյնպէս մասնակցեցան այս արշաւին՝ տարբեր լեզուներով աշխատանքներ կատարելով ծխախոտի գործածութեան վնասներուն մասին։ Միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտները նաեւ ամբողջացուցին այս գծով իրենց ուղղուած վիճակագրական հարցարանները։ Չորեքշաբթի, 23 Մարտին Ճեմարան ժամանեցին «Tobacco Free initiative» հաստատութեան ներկայացուցիչները եւ աշխատանքային հանդիպում ունեցան նախ միջնակարգի, ապա՝ երկրորդականի աշակերտներուն հետ։ Անոնք առաջին հանգրուանով ներկայացուցին հաստատութիւնը, անոր ծրագիրը եւ նպատակը, ապա խօսեցան ծխախոտի գործածութեան ժխտական հետեւանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին ծխախոտէն պաշտպանուելու միջոցները։ Անդրադառնալով ծխախոտ արտադրող գործարաններու նպատակին, անոնք ըսին, որ թիրախը երիտասարդներն են, որոնք շատ դիւրաւ կը համոզուին, քան միջին տարիքի մարդիկ։ Խումբ մը աշակերտներ կամաւոր մասնակցեցան այն խմբակին, որ պիտի պատրաստէր «Ո՛չ Ծխախոտին» նիւթով աշխատանք մը, որուն հիման վրայ մասնակից դպրոցներէն լաւագոյն աշխատանքը կատարող խմբակը պիտի ստանայ նիւթական պարգեւ։ Աշխատանքային հանդիպումին երկրորդ հանգրուանին, ներկայացուցիչները աշակերտներուն ցոյց տուին ծխախոտի ծանուցումի օրինակներ, եւ աշակերտները յայտնեցին իրենց կարծիքները։ Հանդիպումը աւարտեցաւ աշակերտներուն կողմէ վերոյիշեալ հանդիպումը արժեւորող թղթիկներու ամբողջացումով։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան