ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 6 Մայիս 2011-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ի նպաստ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին հանգանակուեցաւ 150 000 ԱՄՆ տոլար, որուն 50 000 տոլարը նուիրեցին ճաշկերոյթին նախագահող Տէր եւ Տիկին Սուրէն…

ՅԱՐԳԱՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ուրբաթ, 6 Մայիսին, միջնակարգի Ը., Թ. եւ երկրորդականի Ժ.,ԺԱ. դասարաններու աշակերտները, լիբանանահայ այլ վարժարաններու կողքին, մասնակցեցան Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպած, Նահատակաց տօնին առիթով ձեռնարկին եւ ծաղկեպսակներու զետեղումին` Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց։ Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ եւ Ճեմարանի ուսուցիչ Ճորճ Գրիգորեան: Ան հաստատեց, որ Մայիս 6-ի նահատակները առաջիններն…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՊՏՈՅՏԸ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլին տեղի ունեցաւ անձնակազմին շրջապտոյտը դէպի արեւելեան Պեքաա։ Ուսուցիչներէ ու պաշտօնեաներէ բաղկացած 50 հոգինոց խումբին առաջին հանգրուանը Քսարայի քարայրն էր։ Քսարայի պատմութեան ծանօթանալէ ու գինին համտեսելէ ետք, Ճեմարանի անձնակազմը ուղղուեցաւ դէպի Ռաշայա գիւղ, ուր շրջագայելէ ետք, այցելեց պատմական Ռաշայայի բերդ։ Խումբը կէսօրին…

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՕՐ

Զատկուան արձակուրդի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլին, Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ժամանեցին առանց պայուսակի՝ կենսոլորտի նշանակը կրող յատուկ տարազներ հագած։ Թէեւ դպրոցական սովորական օր մը չէր, սակայն՝ նոյնքան դաստիարակիչ։ Տարրական բաժինէն մինչեւ երկրորդական, աշակերտ թէ ուսուցիչ, տնօրէնութիւն, պաշտօնէութիւն, տնտեսուհիներ, բոլորը լծուեցան աշխատանքի, եւ կենսոլորտի մասին բծախնդրօրէն պատրաստուած յատուկ ծրագիր մը…

ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳ

Եւ ահա հասաւ դպրոցին աւարտը։ Երկուշաբթի, 18 Ապրիլի երեկոյեան, Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի խորովածի երեկոն՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ ։ Ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ, կերուխումէ ետք, աշակերտները պատմեցին իրենց դպրոցական յուշերէն։ Աւարտական դասարանէն Հրակ Գարագաշեան կիթառով նուագեց ու երգեց այս…

«Ֆրանքֆըրթր Նայթ»

Շաբաթ 30 Ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00էն սկսեալ, մօտ 200 շրջանաւարտներու, աշակերտներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ, ճոխ եւ հարազատ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ «Frankfurter Night»- ը: Յայտագիրը բացուեցաւ քարաօքէ-ով: Հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն երգերով մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ ներկաները խանդավառեցին երեկոն: Մինչ այդ, ճաշը կը պատրաստուէր բոլորին…

ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2011-ին, Նորսիկեան մանկարպարտէզի աշակերտները տօնեցին Ս. Զատիկը իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին ու պարեցին, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Փոքրիկները սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց պատրաստած չէօրէկը:

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ

Երկուշաբթի, 18 Ապրիլին միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պիք‎ֆայա եւ հաւաքուեցան նահատակաց յուշարձանին մօտ։ Թ. դասարանէն Նարէ Աղասարգիսեան եւ Սէրուժ Հանտեան կարդացին Մեծ Եղեռնի յիշատակին առիթով իրենց խօսքը. «Մենք՝ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտներս, եկած ենք ծաղկամատոյց կատարելու…

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ’ՈԳԵԿՈՉԵՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Ապրիլ ամսուան ընթացքին նախակրթարանի աշակերտները կատարեցին ցեղասպանութեան նուիրուած պատի թերթի աշխատանքներ։ Ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 15 Ապրիլին նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Այնթուրայի որբանոցին մասին դասախօսութեան մը՝ դպրոցէն ներս։ Հիւր դասախօս Նորա Բարսեղեան տեսասալիկի ցուցադրութեամբ ներկայացուց 1915-էն 1916 Սէն Ժոզէֆ վարժարան (այնուհետեւ՝ որբանոց մինչեւ 1919) հասած հայ…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլին, ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Ժ. Դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան խաղ-դասախօսութեան մը՝ “Conflict transformation”-ի մասին։ Րաֆֆի Ֆեղալի խաղերու ընդմէջէն աշակերտներուն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիլ դիմացինին հետ անհամաձայնութեան մը պարագային, եւ թէ ի՛նչպէս միշտ դէպքի մը ժխտական կողմերը կարելի է դրականի վերածել։։ Աշակերտները շատ գոհ…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

Տարրական բաժինի աշակերտները թուրքերու կողմէ գործադրուած Մեծ Եղեռնի մասին իրենց տարիքային մակարդակի մօտեցումով տեղեկութիւններ ստացան ուսուցիչներէն։ Երկուշաբթի, 18 Ապրիլին, աշակերտները Ճեմարանի մուտքին գտնուող նահատակ գրագէտներու որմնաքանդակներուն առջեւ ծաղիկներ զետեղեցին, յարգելով անոնց յիշատակը։

ՏԱՐՐԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ…

14 Ապրիլին, տարրական բաժինի աշակերտները ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի կազմակերպած ընթերցանութեան ձեռնարկին։ Աշակերտները անթերի ձեւով եւ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցին տպարանի եւ գիրքի պատմութիւնը։ Անոնք պատմեցին եւ արտասանեցին։ Աշակերտներուն ելոյթը մեծ խանդավառութիւն եւ հաճելի մթնոլորթ ստեղծեց սրահէն ներս։ Անոնք պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն եւ ստացան նուէրներ։ Վարձքը…