ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Երեքշաբթի, 29 Մարտին, գիտութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, սննդագէտ Անի Տէյիրմենճեան-Ժերթիտեան այցելեց Ճեմարան եւ Ե. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց առողջ սննդականոնի մասին օգտակար գիտելիքներ։ Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն։