ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ CHAHINE ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Արաբերէն լեզուի դասապահի ընթացքին նուագարաններու վերաբերող համապատասխան բառապաշարի մը տիրանալէ ետք, Երկուշաբթի 21 Մարտին, Ե. դասարաններու աշակերտները այցելեցին նուագարաններու վաճառատուն եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները: Անոնք շրջեցան «Chahine» երաժշտական գործիքներ վաճառող հաստատութեան տարբեր բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացան տուեալ գործիքներուն, ինչպէս նաեւ ոմանք նուագեցին իրենց սորված կտորներէն: Այցելութեան աւարտին, վաճառատան պատասխանատուներուն…

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՌՆԱՐԿ

Ուրբաթ, 18 Մարտին նախակրթարանի Ե. Դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի քարոզչական յանձնախումբին կողմէ Մանուկներու իրաւունքներու ուխտի օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին։ Հայկական վարժարաններէ համախմբուած բազմաթիւ փոքրիկները ողջունելով, Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ հայոց պատմութեան ընթացքին հայ տղաքը միշտ քաջ եղած են` մեկնաբանելով ձեռնարկին կարգախօսը նկատուած «Առողջ…

ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ ՍԻՆԻՈՐ ԿՈՒՊԵԼԼՈՅԻ ՏԱՆԸ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնած «Հայ թատրոնի ամսուան» ծրագիրի ծիրէն ներս, Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ ներկայացոււմ կ’ունենայ Համազգային պետական թատրոնը: Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը վարձած է «Ծննդեան տօները Սինիոր Կուպելլոյի տանը» թատերախաղը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Ճեմարանի Սաներու Ֆոնտին: Ելոյթը տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 3…

ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

Երեքշաբթի 15 եւ Չորեքշաբթի 16 Մարտին, Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակէն Տիկ. Սիլվա Քիւրքճեան Մանկապարտէզի եւ Տարրական բաժինի աշակերտներուն խօսեցաւ Զուարթնոց Կեդրոնի մասին, ներկայացնելով հոն յաճախողներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Տիկ. Սիլվա շեշտեց այդպիսի անձերու նկատմամբ հոգատար ու սիրալիր վերաբերում ունենալու կարեւորութիւնը, ինչ որ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ անոնց։ Աշակերտները խոստացան…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 14 Մարտին, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց գիտութեան դասի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը, ուր անոնց ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը՝ ծովային անասուններու մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տեսերիզին զուգընթաց իրենց տրուած բացատրութիւններուն, ապա դիտեցին թանգարանին մէջ ցուցադրուած «aquarium»ներու մէջ ապրող անասունները: Աշակերտները այս այցելութեամբ…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԵՒ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԷՋ

Ծպտուիլը փոքրիկներուն ամենամեծ հաճոյքն է։ Մանկասուրի ու մանկապարտէզի աշակերտները իրենց շատ սիրելի տօնը՝ բարեկենդանը, նշեցին Չորեքշաբթի 2 եւ Ուրբաթ 4 Մարտին։ Մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները ձուկ ծպտուած էին, կապոյտ դասարանի աշակերտները՝ նապաստակ, իսկ կանաչ դասարանի աշակերտները՝ խոհարար։ Անոնք երգեցին, պարեցին եւ «տողանցեցին» մինչեւ տարրական բաժին։ Մանկամսուրի փոքրիկները դարձան…

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, Շաբաթ, 26 Փետրուար 2011-ին տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը, մասնակցութեամբ հայկական վարժարաններու միջնակարգի աշակերտներէն երեքական ներկայացուցիչներու։ Ուրբաթ, 11 Մարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին, ուր ընթերցուեցաւ Ակօս թերթի խմբագրութեան կողմէ այս առթիւ ուղարկուած նամակը, որմէ ետք…

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 8 Մարտին, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչներուն նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան տարրականէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտները եւ Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը։ Աւարտական դասարանի աշակերտները, որոնք ստանձնած էին ձեռնարկի իրագործման ամբողջական պատասխանատուութիւնը, առաջնորդեցին ուսուցիչները դէպի իրենց աթոռները։ Լսարանական Միութեան նախագահ…

ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ 23 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Երկուշաբթի, 7 Մարտ 2011-ին Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտները նշեցին Արցախի ազատագրական պայքարի 23-րդ ամեակը։ Ե. դասարանէն Լոռի Գորէսեան ընթերցեց բացման խօսքը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Դ. դասարաններու աշակերտները երգեցին Յ. Շիրազի «Ղարաբաղ իմ»ը, ապա Ռազմիկ Տէրունեան արտասանեց Արմանտի «Դուք» բանաստեղծութիւնը։ Հետաքրքրական էր Արցախի մասին տեղեկութիւններու ու նկարներու…

ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ 75 ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Կիրակի, 6 Մարտ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ ելոյթ ունեցան Հայաստանէն հրաւիրուած վաստակաւոր արուեստագէտներ Լէյլա Սարիբէկեան, Արսէն (Մրրօ) Գրիգորեան եւ ազատամարտիկ-երգիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ): Համազգայինի Ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան անունով Վաչէ Ծատուրեան բացման խօսքին մէջ նշեց, որ 2010-2011 տարեշրջանը կը զուգադիպի…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ (նախակրթարան)

Չորեքշաբթի, 2 Մարտին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները դիմակներ շինեցին ու ծպտուեցան։ Անոնք իրենց բերած քաղցրեղէնները ծրարներու մէջ զետեղեցին եւ ծպտուած շրջեցան նախակրթարանի դասարանները, ուսուցչարանն ու դպրոցի գրասենեակները, ուր բաժնեցին իրենց պատրաստած ծրարները՝ «ուրախ բարեկենդան» մաղթելով։

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2011-ին Միջնակարգի աշակերտները նշեցին Վարդանանց տօնը։ Բացման խօսքը կարդաց Թ. դասարանէն Սարին Սիւփիւրկէճեան, որ անդրադառնալով սփիւռքի մէջ այսօրուան ձուլման մարտահրաւէրներուն եւ հայութեան գոյատեւման առօրեայ պայքարին, ըսաւ. «Ազգի ու կրօնքի պահպանման նոյն այդ պայքարը մղեցին Վարդանանք 1560 տարիներ առաջ, մեր պարտականութիւնն է հետեւիլ Աւարայրի ճակատամարտին ուղիին…