ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 16 Մարտին Է. դասարաններու աշակերտները իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ վերակենդանացուցին լիբանանեան ֆոլքլորը Չալեան սրահին մէջ, ուր ցուցադրուած էին աւանդական ձեռակերտ իրեր, անօթներ, հին նուագարաններ, համրիչներ ու զարդեղէն։ Պատրաստուած էր նաեւ լիբանանեան զանազան ճաշատեսակներով հարուստ սեղան մը։ Ուսուցչուհին ու աշակերտները սրահ մուտք գործեցին լիբանանցիի աւանդական տարազներով՝ գաւառական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Հետաքրքրական ու հաճելի էր աշակերտներուն կողմէ աւանդական հարսանիքի մը բեմականացումը՝ յատուկ պարեղանակով։ Այս նախաձեռնութեամբ աշակերտները աւելի եւս ծանօթացան լիբանանեան բարքերուն, ինչպէս նաեւ ամրապնդեցին արաբերէն լեզուի բառամթերքը։