ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ ԾԽԱԽՈՏԷ ԶԵՐԾ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Ծխախոտի դէմ կատարուած մէկ ամսուան ծրագրուած արշաւէ մը ետք, Երեքշաբթի, 29 Մարտին TFI (Tobacco free initiative) կազմակերպութեան եւ Ճեմարանի տնօրէնութեան միջեւ կնքուեցաւ համաձայնագիր մը, ըստ որուն Ճեմարանը յայտարարուեցաւ «ծխախոտէ զերծ միջավայր»։ TFI կազմակերպութեան տնօրէնը բարձր գնահատեց տարրական բաժինէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կողմէ տարուած աշխատանքը եւ փափաք յայտնեց, որ դպրոցը մասնակցի 31 Մայիսին (no tobacco day) տեղի ունենալիք Լիբանանի միջ-դպրոցական մրցանքին։ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակէն Սիլվա Քիւրքճեան թելադրեց աշակերտներուն զգաստ ըլլալ առողջ կեանք մը ապրելու համար, ինչպէս նաեւ ուսման կողքին ունենալու լաւ ու ապահով միջավայր մը։ Այս առիթին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն ծրագրի յաջողութեան համար։ 29 Մարտ 2011-էն ետք, Ճեմարանի բոլոր բաժիններուն մէջ անխտիր ծխախոտի գործածութիւնը դադրեցաւ։