«Ո՞Վ Է ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ»
Դպրոցական տարիներուն ընթացքին, մեր դասագիրքերուն ընդմէջէն ծանօթացանք բազմաթիւ հեղինակներու: Հաճոյքով ուսումնասիրեցինք եւ ընթերցեցինք անոնց գրութիւնները եւ իւրաքանչիւրին կենսագրութիւնը. «մեռած է, նահատակուած է» բառերը յաճախ կը կրկնուէին: Ենթադրեցինք որ գրողներուն գործերը կը հրատարակուին անոնց մահէն ետք միայն: Հայերէնի դասապահուն, երբ ընթերցեցինք գրագէտ Պօղոս Սնապեանի «Առաջին Անձրեւը» գրութիւնը, իմացանք որ…
