ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 150 000 ՏՈԼԱՐ՝ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ

Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, «The Villa» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը՝ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն, ներկայութեամբ՝ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետներուն, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ ճեմարանականներու:

Ճաշկերոյթի հաղորդավարներն էին Ճեմարանի շրջանաւարտներ Վանան Մանճիկեան Գաբրիէլեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան: Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով, Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան ըսաւ. «Ճեմարանի երկարամեայ գործունէութեան յաջողութիւնը կը պարտինք Ճեմարանի կողքին գտնուող այն մարդուժին, որ կը հանդիսանայ դպրոցի գլխաւոր հարստութիւնը: Երբ կ՛ըսեմ մարդուժ, նախ եւ առաջ կ՛անդրադառնամ անձնուէր ուսուցիչներու բանակին. ուսուցիչներ, որոնք լայն համբերութեամբ ու անսակարկ նուիրումով ճիգ չեն խնայեր յանուն աշակերտներու ամբողջական կազմաւորման: Երբ կ՛ըսեմ մարդուժ, կ՛անդրադառնամ այն բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները յանձնելով հայ Ճեմարանին, հաւատացած են ու կը շարունակեն հաւատալ հայ դպրոցի նուիրական աշխատանքին: Երբ կ՛ըսեմ մարդուժ, կ՛անդրադառնամ այն մեծաթիւ բարեկամներուն, որոնք միշտ եղած են Ճեմարանի կողքին, մտահոգուելով դժուարութեան ժամանակ եւ ուրախանալով յաջողութեան պահուն, բարոյապէս ու նիւթապէս աջակցելով դպրոցի վերելքին: Եւ վերջապէս, երբ կ՛ըսեմ մարդուժ, կ՛անդրադառնամ ճեմարանականներու այն մեծ փաղանգին, ըլլան անոնք Լիբանանի մէջ կամ Լիբանանէն դուրս, որոնք միշտ պատրաստ են օգտակար դառնալու իրենց Ճեմարանին»: Ճեմարանի բարգաւաճման համար կարգ մը անհրաժեշտ ծրագիրներ ներկայացնելէ ետք, ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Դպրոցի ծրագիրներու իրագործումը կը կարօտի բոլորին բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան: Այսօր, անգամ մը եւս, ձեր նուիրատուութիւններով եկէք դարձեալ յաջողինք ի գործ դնել հիմնական նոր ծրագիրներ: Մեծ վստահութեամբ է որ կը դիմենք ձեզի, որովհետեւ գիտենք որ միասին կարելի կ՛ըլլայ վառ պահել Ճեմարանի ջահը»: Ապա ան հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը իր խօսքը փոխանցելու: Ան ըսաւ. «Զարգացած եւ առողջ հասարակութիւններու մէջ կրթութեան եւ մշակոյթի մարզերը բնականաբար կը վայելեն պետութեան անփոխարինելի խնամատարութիւնը: Մեր պարագային սակայն հայկական պետութիւնը գէթ մինչեւ այսօր ի վիճակի չէ ստանձնելու իր իսկ շահերէն բխող ազգային այս կարեւոր պարտաւորութիւնը: Իսկ սփիւռքը պետական կառոյց չունի: Ինչքան ալ  կազմակերպուած ըլլայ սփիւռքը, ան չի կրնար փոխարինել պետական չափանիշերով գործելու նախատեսուած կառոյցներ: Այս ձեւի պայմաններու մէջ կամաւորականութիւնը կը ստանձնէ աշխատանքի առիւծի բաժինը»: Անդրադառնալէ ետք կրթական ու մշակութային հաստատութիւններուն դիմագրաւած նիւթական մնայուն դժուարութիւններուն, ան ըսաւ. «Եթէ առանց ատակ ուսուցիչի ու տաղանդաւոր արուեստագէտի վարժարան ու մշակութային կեդրոն անիմաստ, նոյնիսկ՝ վնասակար հաստատութիւններու կրնան վերածուիլ, ապա առանց նիւթական շօշափելի ներդրումի անոնց կառուցումը մղձաւանջային նկարագիր կը ստանայ: Մեր իրականութեան մէջ նուիրատուներու գոյութիւնը սկիզբէն հրամայական անհրաժեշտութիւն եղած է. անոնց նուիրաբերումի արարքը կամաւոր կերպով տրամադրուած ազգային տուրք ըլլալով, նուիրաբերուած նիւթականի կողքին, կը պարունակէ նաեւ յաւելեալ բարոյական արժէք: Այդ իսկ պատճառով ան արժանի է հասարակական յաւելեալ գնահատանքի»: Իր խօսքի աւարտին ան Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանով պատուեց Տէր եւ Տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները, որոնք իրենց նիւթական օժանդակութիւններով կը հանդիսանան Համազգայինի կրթական, հրատարակչական եւ ընդհանրապէս  մշակութային գործունէութեան ամուր յենարաններէն մէկը:

Գեղարուեստական բաժինով նախ ելոյթ ունեցաւ ջութակահար Յ. Գարախանեան, ապա հայրենի երգչուհի Գոհար Մուրատեանն ու իր նուագախումբը ոգեւորեցին ներկաները աշուղական ու հայրենասիրական երգերով։ Ճեմարանի յարատեւ վերելքին սատար հանդիսանալու նպատակով կազմակերպուած ճաշկերոյթը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Վարձքը կատար ճաշկերոյթին յաջողութեան համար տքնաջան աշխատողներուն:

Ճաշկերոյթին ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացաւ աւելի քան 150 000 ամերիկեան տոլար: Շնորհակալութիւն նիւթական թէ բարոյական գետնի վրայ կրթական այս հաստատութեան նեցուկ կանգնող Ճեմարանի մեծ ընտանիքին: Յատուկ շնորհակալութիւն Տէր եւ Տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն՝ իրենց ազնիւ նուիրատուութեան, ինչպէս նաեւ ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնելուն համար:

 

Տնօրէնութիւն