ՏԵՍՆԵՆՔ ՈՒ ԽՕՍԻՆՔ (Show and tell)

Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին կազմակերպութեամբ բանաւոր արտայայտութիւնը զարգացնելու ծրագիր մը մշակուեցաւ:

Ապրիլ ամսուան ընթացքին ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ: Իւրաքանչիւր աշակերտ նիւթի մը մասին պիտի խօսի միայն մէկ վայրկեան՝ նախապէս զայն պատրաստած, առանց գրելու, միայն կէտեր ունենալով իրեն հետ: Այդ աշակերտը իր նիւթը պիտի ներկայացնէ լեզուական դասերուն սկիզբը՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն լեզուներու պահերուն առաջին մէկ վայրկեանը, միաժամանակ ցոյց տալով այդ նիւթին վերաբերող իր մը կամ նկար մը:

Ծրագիրը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ, որոնք իրենց նիւթերը կը պատրաստէին եւ յաճախ փորձերը կը կատարէին ընկերային ծառայութեան գրասենեակէն ներս՝ Տիկ. Սիլվային ցուցմունքներուն հետեւելով: