«Ո՞Վ Է ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ»

Դպրոցական տարիներուն ընթացքին, մեր դասագիրքերուն ընդմէջէն ծանօթացանք բազմաթիւ հեղինակներու: Հաճոյքով ուսումնասիրեցինք եւ ընթերցեցինք անոնց գրութիւնները եւ իւրաքանչիւրին կենսագրութիւնը. «մեռած է, նահատակուած է» բառերը յաճախ կը կրկնուէին: Ենթադրեցինք որ գրողներուն գործերը կը հրատարակուին անոնց մահէն ետք միայն:

Հայերէնի դասապահուն, երբ ընթերցեցինք գրագէտ Պօղոս Սնապեանի «Առաջին Անձրեւը» գրութիւնը, իմացանք որ ան մահացած է վերջերս՝ 2014-ին, եւ մենք դժբախտաբար առիթ չունեցանք իրեն ծանօթանալու: Մեր ուսուցչուհին խոստացաւ մեզ ծանօթացնել գրողի մը, որ կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ:

Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017-ին, հիւրընկալեցինք բանաստեղծ մը՝ Խաչիկ Տէտէեան: Ուրախ ենք, որ վերջապէս տեսանք բանաստեղծ մը, որ տակաւին կը գրէ, կը ստեղծագործէ, եւ մենք առիթը ունինք իրեն հետ խօսելու, հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանուելու:

Պետօ Գալուստեանի եւ Նարօտ Թաշճեանի բացման խօսքէն ետք Էտուարտ Թաշճեան ընթերցեց հայ մշակոյթը ծաղկեցնող ու հարստացնող գրութիւն մը: Ան ըսաւ. «Հայ գրողը իր ժողովուրդին հետ անցած է գողգոթայի ճամբան, սակայն ամէնէն յուսահատական պայմաններուն մէջ իսկ վար չէ դրած գրիչը իր ձեռքէն եւ անօթութեան գնով իսկ շարունակած է ստեղծագործել: Հետեւաբար կրնանք հաստատել, որ գրելը հայ գրողին համար բարոյակա՛ն նշանակութիւն ունեցող գործողութիւն մըն է եւ երբեք՝ նիւթական: Տառապանքն ու դժբախտութիւնները երբեք պատճառ չեն եղած, որ ցամքի հայ գրողի գրիչին մելանը: Աւելի՜ն, մեր ժողովուրդը իր տառապանքին յաղթած է նաեւ իր գրողներուն շնորհիւ, որոնք կրցած են անոր վէրքը երգի վերածել ու հոգեվարքի պահերուն՝ վառ պահել յոյսի ջահերը անոր հոգիին մէջ»: Այնուհետեւ հրաւիրեցինք բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանը, որպէսզի մեզի ներկայացնէ հայ բանաստեղծը:

Առաջին հերթին ան բացատրեց, որ գրողն ալ մարդ է բոլորին պէս, ան ալ ունի ձգտումներ, մոլութիւններ, տկարութիւններ, պահանջներ, բայց ան իր տագնապները կը դրսեւորէ գրելով: Իւրաքանչիւր տարիք իր նախասիրութիւնը ունի,- ըսաւ ան, եւ նշեց, որ ինք 19 տարեկանին կը սիրէր Պետրոս Դուրեանը, մինչ երբ չափահաս դարձած է աւելի իրապաշտօրէն դիտած է իր շուրջը եւ ազգն ու հայրենիքը իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձած են, բայց Մեծարենցը, Չարենցը, Սեւակը, Թէքէեանը եւ շատեր իր հոգիին մէջ մնացած են: «Տագնապի արդիւնք է գրականութիւնը»,- ըսաւ բանախօսը եւ աւելցուց, որ իսկական գրողը քաջալերանքի կարիքը չունի, որովհետեւ ան կը սիրէ լեզուն, բառերն ու արտայայտութիւնները, կ’ապրի եւ կը ձգտի կատարելագործել գրական իր վաստակը: Բանախօսը նաեւ գիտութիւնն ու գրականութիւնը համեմատեց եւ նշեց, որ գիտութիւնը թաստերու կը հաւատայ, մինչ գրականութիւնը կ’առնչուի գրագէտի առօրեային, տուեալ ժամանակաշրջանին, անոր տագնապներուն, ուրախութիւններուն…: Գիտութիւնը ծառին բաղադրամասերուն կ’անդրադառնայ,- ըսաւ ան,- մինչ գրականութիւնը անոր գեղեցիկ երեւոյթին, տերեւներու սօսափին, գոյնին…:

Ձեռնարկի աւարտին Խաչիկ Տէտէեան պատասխանեց մեր հարցումներուն եւ մեզի նուիրեց գիրքեր ու խտասալիկներ՝ փունջ մը բանաստեղծութիւններ ընդգրկող:

Նաթալի Սարգիսեան

Ինեսա Քէչէք

Կասիա Թիւթելեան

Սարին Զարմէնեան

Նարօտ Թաշճեան

Սինթիա Պայրաքտարեան

Սիլվիա Տէմիրճեան

Ը. դասարան