«ՊԶՏԻԿ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ»

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Պզտիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը Կիրակի, 30 Ապրիլ 2017-ին, «Փիւնիկ» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:

Հայկական 17 վարժարաններու նախակրթարանի աշակերտներ մասնակցեցան այս նախաձեռնութեան: Ճեմարանի մասնակից աշակերտներն էին. Կլօրիա Ժալըֆեան, Սանան Քէշիշեան, Ալիք Թեմպէլեան, Լոռի Մխճեան, Վահան Մանիսաճեան եւ Արամ Աղասարգիսեան:

Աշակերտները ծանօթացան լրագրական աշխատանքներուն, եւ թէ ի՛նչ հանգրուաններէ անցնելով է, որ թերթ մը լոյս կը տեսնէ. ապա մասնակցեցան խմբական աշխատանքներու:Աշխատանոցին առաջին հանգրուանը` ժամը 10:00-էն 1:30, մասնակիցները պիտի կարդային իրենց տրուած նիւթերը եւ իրենց կարգին պիտի պատրաստէին յօդուածը, ճաշի դադարէն ետք` ժամը 2:30-ին կը սկսէր աշխատանքի երկրորդ հանգրուանը: Այս հանգրուանին իւրաքանչիւր խմբակ պիտի պատրաստէր գծանկարներով խօսակցական պատմութիւն: Աշխատանքը յաջողցնելու համար աշակերտներուն ներկայացուեցաւ «պանտ տեսինէ»ի պատմականը, ապա աշխատանքի ընթացքը:

Աշխատանոցի աւարտին մասնակիցներուն բաժնուեցան յիշատակի նուէրներ, իսկ ընթացքին երկու անգամով տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: