ՄՆԱՍ ԲԱՐՈՎ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի ընթրիք-խրախճանքը՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու  ներկայութեամբ ։

Երեքշաբթի, 11 Ապրիլի առաւօտեան աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցի մուտքին եւ կանչերով ու երգերով դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը։

Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկներուն հրաժեշտ տալէ ետք, աւարտականները մեկնեցան դէպի Նշան Փալանճեան Ճեմարան, ծանօթացան կառոյցին եւ հոն զետեղուած քանդակներուն։ Ապա անոնք այցելեցին իրենց գրականութեան ուսուցչուհիներէն Տիկին Շաղիկ Մկրտիչեանին, որուն սիրալիր ընդունելութենէն ետք այցելեցին Ֆըրըն Շըպպէքի գերեզմանատան մէջ գտնուող Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի դամբարանները, ուր երգեցին Ճեմարանի քայլերգը։ Աշակերտները այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի Ճեմարանի երկար տարիներու կրթական տեսուչ Օրդ. Ալիս Գազանճեանին բնակարանը: Օրդ. Ալիսին խրատներն ու մաղթանքները լսելէ ետք, աւարտականները դպրոց վերադարձան։

Ճաշելէ ու հանգստանալէ ետք, օրուան աւարտին, ժամը 2։00-էն ետք, դասերը կանգ առին դպրոցին մէջ։ Աւարտականները պարերով եւ ուրախ կանչերով բոլոր աշակերտներուն ներկայութեան ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ըսին «բոլորին սիրելի ուխտավայր Ճեմարանին»։